Լաթաքիոյ Ազգային Սրբոց Նահատակաց մանկապարտէզի ամավերջի Հանդէսով նախակրթարան անցաւ խոստմնալից հունձք մը, խանդավառելով ծնողներն ու ներկայ հանդիսականները։
 
Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ին, Լաթաքիոյ «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ․Սրբոց Նահատակաց մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը։
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով։
Մանկապարտիզպանուհի Ցոլին Պալեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց Հանդէսին նիւթը՝ սփիւքը եւ սփիւռքահայութիւնը այլազան գործունէութիւններով՝ ի ծառայութիւն հայապահմանման նուիրեալ աշխատանքին, զոյգ Հայրենիքներու՝ Հայաստանի եւ Սուրիոյ յառաջընթացին։
Ապա ան ջերմօրէն շնորհաւորեց ժրաջան մեղուները՝ շրջանաւարտները, որոնք պիտի անցնին նախակրթարանի բաժին, անոնց մաղթելով դալար եւ ծաղկուն կեանքի ճանապարհ։
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց դպրոցի պետական տնօրէնուհի Պահաա Խտր Սալեմ։
 
Ետքը բեմահարթակ բարձրացան փոքրիկները եւ ներկայացուցին Ազգ․ Նահատակաց վարժարանին 100-ամեակին նուիրուած գեղեցիկ պատկեր մը ու 100-ամեակի նշանակը։
Անոնց յառաջացուցած պատկերն ու եռանդը արժանացան հանդիսականներու ջեդմ ծափողջոյններուն։ Այնուհետեւ Շրջանաւարտները երգեցին Սրբոց Նահատակաց մանկապարտէզի քայլերգը, ապա ներկայացուցին օրուան նիւթը։
 
Հանդէսին ընթացքին փոքրիկները պարեցին հայկական, արաբական եւ սպանական պարեր։ Ճկուն շարժուձեւերով անոնք հմայեցին հանդիսականները, որոնք իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ծափողջոյններու տարափով։
 
Յայտագիրը վերջ գտաւ հայկական ճոխ պարով, ետքը աշակերտները երգեցին երեք լեզուներով։
 
Հուսկ վարժարանիս տնօրէնուհի Հուրի Գարամարտեան վարժարանի 100-ամեակին եւ սփիւռքի տարուան նուիրուած իր խօսքը արտասանեց։
Ան աշակերտներուն դէպի նախակրթարանի շարքեր բարի երթ մաղթեց։
 
Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ վկայանաց բաշխում։
 
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Արժ․Տէր Վազգէն Քէօշկէրեանի բարի մաղթանքներով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
Ցոլին Պալեան