Երեքշաբթի, 7 Յունիս 2022-ին Ֆրանսայի հրապարակէն սկսաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով «Դիմադրութիւն» շարժումին երթը:
 
Երթին կանգառը Եւրոպական Միութեան գրասենեակն էր, ուր փաստերով ներկայացուեցան այն բոլոր բռնութիւնները, որոնք այս օրերուն տեղի ունեցած են «Դիմադրութիւն» շարժումի հանրահաւաքներու եւ երթերու մասնակիցներուն դէմ:
 
Շարժումին մասնակիցները Եւրոպական Միութեան դեսպանէն կը պահանջեն պատշաճ գնահատական տալ ոստիկանութեան ապօրինութիւններուն եւ բռնութիւններուն:
 
Անոնց ձեռքերուն մէջ կային անգլերէն գրութիւններով պաստառներ` «Բացէ՛ք ձեր աչքերը», «Դատապարտեցէ՛ք բռնութիւնը»:
 
«Դիմադրութիւն» շարժումին երթը մօտեցաւ Եւրոպական Միութեան գրասենեակին:
 
«Նիկոլ դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Դաւաճան, հեռացի՛ր» վանկարկեցին քաղաքացիները:
 
Եւրոպական Միութեան գրասենեակի շէնքին դիմաց կեդրոնացած էին ոստիկանական ուժեր:
 
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան ընթերցեց գրութիւնը, որ պէտք է փոխանցուէր Եւրոպական Միութեան դեսպանին.
 
«Ընդդիմադիր խորհրդարանական երկու խմբակցութիւնները կ՛արձանագրեն. 3 Յուլիսին Պռոշեան-Տեմիրճեան փողոցներու հատման հատուածին մէջ խաղաղ հաւաքի մասնակիցներուն նկատմամբ ոստիկանական ուժերու կողմէ կիրարկուած է ապօրինի եւ անհամաչափ ուժ եւ յատուկ միջոցներ, որոնց շարքին՝ լուսաձայնային նռնակներ, թէեւ հաւաքը կը կրէր բացառապէս խաղաղ բնոյթ, եւ ոստիկանական ուժերը պէտք է ոչ թէ խոչընդոտէին, այլ պարտաւոր էին օժանդակել խաղաղ հաւաքի կայացման:
 
Լուսաձայնային նռնակներու կիրարկումը իրականացած է առանց նախնական զգուշացման, որուն պատճառով հաւաքի խաղաղ մասնակից հարիւրաւոր քաղաքացիներու մէջ, այդ կարգին` կիներու եւ տարեցներու մօտ, առկայ են տարբեր աստիճանի ծանրութեան վնասուածքներ: Մարմնական վնասուածքներ ստացած են նաեւ ընդդիմադիր պատգամաւորներէն քանի մը հատը, ինչպէս նաեւ «Դիմադրութիւն» շարժումին մասնակից կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ»:
 
Գրութեան մէջ նաեւ նշուած էր, որ ոստիկանութեան ներկայացուցիչներուն մեծ մասը տուժած է յատուկ միջոցներու սխալ կիրարկման պատճառով, իսկ որոշ տեղեկութիւններով` կիրարկուած լուսաձայնային նռնակները օգտագործման ժամկէտը բոլորած են:
 
Ոստիկանութեան շարք մը ծառայողներ օրէնքի կոպիտ խախտումով տարբերանշաններ չեն կրած:
 
Բիրտ եւ անհամաչափ ուժ կիրարկուած է նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն նկատմամբ:
 
«Նոյն այս դեսպանատունը 2018-ին մարդու մազ ծռելու պարագային օրուան մէջ քանի մը յայտարարութիւն կը տարածէր, իսկ հիմա լուռ է եւ այդ լռութեամբ կը խրախուսէ ոստիկանական վայրագութիւնները», ըսաւ ան:
 
Արամ Վարդեւանեան ըսաւ, որ այս գրութիւնը կը յանձնուի այն ակնկալիքով, որ Եւրոպական Միութեան դեսպանին կողմէ կը կատարուի պատշաճ արձագանգ:
 
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ այս շէնքին մէջ նստած դեսպանը առիթը չէր փախցներ, երբ կարելիութիւն ունենար քաղաքական յայտարարութիւններ կը կատարէր, յստակ կողմի հետ, իսկ ընդամէնը քանի մը օր առաջ այստեղ տեղի ունեցած վայրագութիւններուն հետ կապուած ոչ մէկ բան, կոյր եւ լուռ կը ձեւանայ:
 
ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան անդրադառնալով ոստիկանութեան գործողութիւններուն ըսաւ. «Ոստիկանութեան արձագանգէն մենք կը տեսնենք Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ժողովներու ներքին քննարկումները: Այստեղ ոստիկանութեան հարցը չէ, այս պայքարը հակաոստիկանական չէ, նպատակը ոստիկանութեան բարեփոխումները չեն` ոստիկանութիւնն ալ չ՛իրականացներ իր գործառոյթները եւ չ՛ենթարկուիր ոստիկանապետի որոշումներուն` ուղիղ հրահանգ կ՛իջնէ իշխանական խմբակէն»:
 
Շարժման մասնակիցները ի նշան ոստիկաններու ապօրինութիւններուն` 3 Յունիսին իրենց կորսնցուցած կօշիկները ձգեցին Եւրոպական Միութեան դեսպանատան դիմաց: