Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ 7 Յունիսին Հայաստանի նկարիչներու միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած գեղանկարիչ եւ քանդակագործ հերոսներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ նոյն ստեղծագործութիւնները ներկայացնող, «Ես եմ, ես կա՛մ» խորագիրով պատկերագիրքի շնորհանդէսը։
 
Ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեան։
Ներկաներուն ուղղուած իր սրտի խօսքը ըսաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, որ անձամբ ստանձնած է տղոց անուններու փնտռտուքը՝ կապ հաստատելով Հայաստանի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններու, հերոսներու հարազատներուն հետ՝ հաւաքագրելով ստեղծագործական աշխատանքները։ Ռ. Առաքելեան իր խօսքին մէջ շեշտեց գործի անմահութեան գաղափարը եւ յայտնեց, որ 25 հերոս Տղաքը միշտ կան, կ’ապրին մեր սրտերուն մէջ, ուստի պատահական չէ նախաձեռնութեան խորագիրը՝ «Ես եմ, ես կա՛մ»։
 
Օրհնութեան ու զգաստութեան խօսք ուղղեց Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Բագրատ Սրբազանը, որուն խօսքը ներկաներուն համար հնչեց իբրեւ պատգամ՝ արժանապատուօրէն շարունակելու ու աւարտելու յանուն Հայրենիքի նահատակուած հայորդիներուն գործը։
 
Ելոյթով հանդէս եկան նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Հիմնադրամի նախագահ, գրող Սպարտակ Ղարաբաղցեան, ՀՀ գեղարուեստի ակադեմիայի ռեքթոր Արամ Իսաբեկեան, Փ.Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական ուսումնարանի տնօրէն Աննա Մնացականեան, անմահացած հերոսի՝ Խորէն Հաճաթեանի մայրը։
 
Նախաձեռնութեան հնչեցին ազգային-հայրենասիրական կատարումներ։