Եւրոխորհրդարանը ձայներու 448 կողմ, 67 դէմ, 107 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ ընդունած է Թուրքիոյ առնչութեամբ տարեկան զեկոյցը։ Փաստաթուղթին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին։
 
Զեկոյցը, յղում ընելով Եւրոխորհրդարանի՝ 2015 թուականի 15 Ապրիլի զեկոյցէն, կրկին կոչ ուղղած է Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
 
Եւրոխորհրդարանը մտահոգուած է, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը վերջին տարիներուն կը հակասէ Եւրոմիութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան ընդհանուր առաջնահերթութիւններուն՝ Կովկասի մէջ։
 
Եւրոխորհրդարանը բարձր գնահատած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի որոշումը՝ սկսելու երկկողմ շփումները, եւ կոչ ուղղած է ԵՄ-ին՝ աշխուժօրէն աջակցելու այդ գործընթացին։ Անիկա նաեւ կոչ ուղղած է Թուրքիոյ՝ ճամբայ հարթելու թուրք եւ հայ ժողովուրդներու իրական հաշտեցման համար եւ ամբողջութեամբ կատարելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու՝ իր պարտաւորութիւնները։
 
Զեկոյցին մէջ թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղուած է աշխուժացնելու ջանքերը՝ երկրին մէջ հայերու եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերուն արդիւնաւէտ լուծման համար:
 
Եւրոխորհրդարանը կոչ ուղղած է ԵՄ անդամ երկիրներուն՝ քննարկելու «Գորշ գայլերու» արգելքը իրենց երկիրներուն մէջ։