«Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Աննա Գրիգորեանի, Արամ Վարդեւանեանի եւ Գեղամ Մանուկեանի հետ հանդիպած են ԱՄՆ պետքարտուղարի Ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ աշխատանքի հարցերու փոխտեղակալ Կարա ՄըքՏոնալտի հետ:
 
«Քննարկումի առարկան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններն էին եւ անկէ պայմանաւորուած մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իրավիճակը այսօրուան Հայաստանին մէջ:
 
Փոխադարձ պատրաստակամութիւն յայտնած ենք հետագայ գործակցութեան առնչութեամբ»: