Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մասին առաւել լուսաբանութիւններ ստանալու եւ ընթերցողները մօտէն ծանօթացնելու Դպրեվանքի առաքելութեան եւ անոր ուսումնակրթական կեանքին, «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանի հետ, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով յատուկ առաքելութեամբ ժամանեց Բերիոյ Հայոց Թեմ, ուր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի տնօրինութեամբ պիտի հանդիպի Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ:
«Գանձասար»- ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2022 տարին հռչակեց Սփիւռքի տարի: Սփիւռքի մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, յատկապէս Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը: Ի՞նչ է Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին հիմնական առաքելութիւնը:
Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան- Նախ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Գանձասար»-ին, որ այս առիթը ընծայեց Դպրեվանքը ծանօթացնելու եւ անոր  գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ տալու նոր սերունդին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին մէջ կեդրոնական դիրք գրաւող Դպրեվանքի առաքելութիւնը մարդակերտում ու հայակերտում է միանգամայն: Դպրեվանքը տարիներ շարունակ, ծառայութեան ճամբով, մեր ազգի զաւակներուն հոգեմտաւոր, ազգային ու մշակութային ծարաւը յագեցուցած է եւ այս առաքելութեամբ անխափան կը շարունակէ իր գործունէութիւնը:
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ յաճախակի առիթներով շեշտած է, որ Դպրեվանքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սիրտն է: Այս հաստատումը կ’ենթադրէ, որ մարդկային մարմինի ամէնէն կարեւոր անդամին նման, Դպրեվանքը մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքին կենսունակութիւն տուող կառոյցը ըլլայ: Այս իմաստով, կարելի է հաստատել, որ Դպրեվանքը սփիւռքահայութեան ողնայարն է: Հետեւաբար, Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատալն ու անոր նեցուկ կանգնիլը բոլորիս պարտաւորութիւնն են, որովհետեւ անիկա մեր բոլորին տունն է, սփիւռքահայութեան տունն է:
Դպրեվանքին մէջ բոլորս ինքնակատարելագործումի ձգտում կ’ունենանք, այլ խօսքով նախանձախնդրութեամբ կ’աշխատինք, որպէսզի մեր ունեցած հոգեւոր, իմացական, բարոյական արժէքները զարգացնենք, ապա զանոնք հրամցնենք մեր ժողովուրդին, որովհետեւ Դպրեվանքին առաքելութիւնը հայ ազգին ծառայել է:
Դպրեվանքը հոգեմտաւոր կրթութիւն ջամբող կենսունակ կառոյց մըն է, ուր պատանին կամ երիտասարդը կը կազմաւորուի՝ քրիստոնէական բարոյական արժէքներով, հաւատաւոր աշխատանքով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ: Այդտեղ է որ կ’աճի ու կը բեղմնաւորուի մեր նկարագիրը, ինքնութիւնը եւ մանաւանդ մեր կենսանպատակը:
Վեհափառ Հայրապետը զանազան առիթներով Դպրեվանքին մասին խօսելով, շեշտած է երեք հանգամանքներ՝ աշակերտին որակը, անոր խորքային պատրաստութեան կարեւորութիւնը եւ վերջապէս անոր ուսման եւ դաստիարակութեան համատեղ ընթացքը՝ ծառայութեան առընթեր:
Յիշեալ բոլոր երեւոյթներուն եւ արժէքներուն հետ դպրեվանքեան մեր փորձառութիւնը սկզբունքէն դէպի իրականութիւն եւ տեսականէն՝ գործնական առաջնորդուող յարաբերութիւն մը չէ միայն, այլ՝ արժանաւոր ուղղութիւն եւ ծառայական կեանքի մեկնակէտ:
Հոգեմտաւոր կազմաւորման բազմավաստակ այս կրթօճախը տասնամեակներ շարունակ կուսակրօն թէ ամուսնացեալ եկեղեցականներ, դըպրապետներ, ուսուցիչներ եւ ազգային գործիչներ կ’ընծայէ հայ ազգին, մեր ժողովուրդին, կարեւոր յենարան մը դառնալով հայ կեանքին ու անոր կազմակերպման ու հզօրացման համար թափուող ճիգերուն:
Դպրեվանքը այս է որ կը զարգացնէ մեր մէջ, հետեւաբար որակաւոր աշակերտներ դուրս կու գան իր յարկէն:
«Գ.»- «Դպրեվանքը էապէս հոգեւոր ու ազգային կազմաւորման կեդրոն է: Հոգեւոր սպասաւորներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ ու ազգին նուիրեալ մշակներ կը պատրաստուին Դպրեվանքին մէջ:  Եւ ճիշդ հո՛ս  կը կայանայ Դպրեվանքին իւրայատուկ նկարագիրը, ինքնուրոյն առաքելութիւնը…», ըսած է Վեհափառ Հայրապետը: Հայ պատանիներն ու երիտասարդները Դպրեվանքէն ներս ի՞նչ կը սորվին եւ ինչպիսի՞ անձեր կը դառնան: 
Հ. Տ. Գ. Աբղ. Գ.- Դպրեվանք կ’ընդունուին 11-12 տարեկանէն մինչեւ 16-17 տարեկան աշակերտներ: Դպրեվանքի ուսումնակրթական կեանքը կը տարածուի  ինը տարիներու վրայ: Առաջին տարին կը կոչուի նախապատրաստական, յաջորդող չորս տարիները կը կոչուին՝ ժառանգաւորաց, իսկ վերջին չորս տարիները՝ ընծայարանի բաժին: Նախապատրաստական բաժինը կը ներառէ շուրջ 11-13 տարեկան աշակերտները, որոնք նոր կը յաճախեն Դպրեվանք եւ աստիճանաբար կը սկսին ծանօթանալ անոր եւ Դպրեվանքի առօրեային ընտելանալ:
Առաջին հինգ տարիներուն, ժառանգաւորաց բաժինը ներառեալ, կը դասաւանդուին այն նիւթերը, որոնք կը կիրարկուին սովորական վարժարաններուն մէջ եւս, ինչպէս՝ ուսողութիւն, գիտութիւն, լեզուներ, ասոնց կողքին նաեւ կը դասաւանդուին գրաբար, հայոց պատմութիւն, հայագիտական նիւթեր, ինչպէս նաեւ աշակերտները Աստուածաշունչի Հին եւ Նոր Կտակարաններուն նախաճաշակը կ’ունենան այս փուլին, պատրաստուելու համար ընծայարանի բաժինին:
Վերջին չորս տարիներուն յիշեալ  նիւթերուն կողքին կը դասաւանդուին մասնաւորաբար կրօնաբարոյական, աստուածաբանական եւ եկեղեցաբանական նիւթեր: Աշակերտները մասնագիտական կրթութեամբ կը պատրաստուին, որպէսզի դառնան ապագայի եկեղեցականները, հոգեւորականները, ազգային գործիչները կամ ուսուցիչները: Անոնք, որոնք կը փափաքին Դպրեվանքի ուսման տարիները աւարտելէ ետք իրենց ուսումը շարունակել, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը պայմանագիր մը ստորագրած է Երեւանի Պետական Համալսարանին հետ, ուր անոնք կրնան կատարելագործել իրենց ուսումը հայագիտութեան, փիլիսոփայութեան, աստուածաբանութեան, մանկավարժութեան եւ այլ ճիւղերէ ներս, ապա դարձեալ վերադառնալ Դպրեվանք կամ հայկական վարժարաններ, իրենց տարիներու ուսումն ու դաստիարակութիւնը ի սպաս դնելու ազգին:
Դպրեվանքէն ներս ուսումնակրթական ծրագիրը ամբողջացնելու կողքին նաեւ կ’իւրացնենք սկզբունքային, բարոյական, հոգեմտաւոր արժէքներ: Դպրեվանքը սովորական դպրոց մը չէ: Այնտեղ մենք կը դաստիարակուինք, մեր նկարագիրը կը կերտենք եւ կեանքը արժանաւոր ձեւով ապրելու կը պատրաստուինք:
«Գ.»- Որպէս դպրեվանեցի, խնդրեմ ներկայացնէք Դպրեվանքէն ներս ձեր հոգեմտաւոր կեանքի ընթացքը եւ ձեռքբերած փորձառութիւնը:
Հ. Տ. Գ. Աբղ. Գ.- Դպրեվանքը իմ կենսանպատակին մէջ ներմուծեց՝ կրօնի հուրը եւ ազգի սէրը, ինչպէս յիշուած է Դպրեվանքի քայլերգին մէջ: Մենք, ամէն առաւօտ, քայլերգը երգելով սովորական երգեցողութենէ անդին կ’անցնինք եւ քայլերգին մէջ կը տեսնենք մեր ինքնութիւնը: Փոքր տարիքէն դպրեվանեցին քայլերգին բառերը արտասանելով  կը կազմաւորուի եւ իր կեանքի ընթացքին այդ արժէքները կը փորձէ արժեւորել եւ գործնականացնել:
Ուստի, այս երկու տեսլականներն են, որոնք եօթը տարիներու ընթացքին զիս ներշնչած են եւ դաստիարակութեանս պտուղները հանդիսացած են, զիս մղելով արդիւնաւէտ աշխատանքի: Կրօնքը մէջս կազմաւորած եւ հաստատած է գիտակից եւ բարոյական սկզբունքներով առաջնորդուող կեանքի մը էութիւնը, եւ փորձած եմ տարիներու ընթացքին ստացած արժէքներս կեանքիս մէջ իրական լիութեան մը վերածել: Մինչ ազգը ինծի ընձեռած է պատկանելիութեան եւ ինքնութեան առողջ զգացումի կազմաւորման փորձառութիւնը՝ գիտակից ու գործուն ծառայութեան ոգիով, որուն կը ձգտիմ միշտ:
«Գ.»-Յատուկ առաքելութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմ ժամանելով ի՞նչ կը թելադրէք պատանիներուն, որոնք հակում ունին իրենց ուսումը շարունակելու Դպրեվանքէն ներս:
Հ. Տ. Գ. Աբղ. Գ.- Ամէն տարի, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ մանաւանդ Հալէպէն մեծ թիւով աշակերտներ կը յաճախեն Դպրեվանք, ուր մեր ժողովուրդի զաւակները պատրաստուելով կը վերադառնան մեր ազգին, որպէս հոգեւոր կամ ազգային մշակներ:
Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով եւ օրհնութեամբ այստեղ կը գտնուիմ եւ շուրջ տասը օր պիտի ըլլամ Հալէպ, Լաթաքիա եւ Քեսապ: Անշուշտ մեր պատանիները դէպի Դպրեվանք ուղղելու այս առաքելութիւնը բոլորէս պատասխանատու եւ  հաւաքական գիտակցութիւն կը պահանջէ: Շատ մը պատանիներ կամ երիտասարդներ կրնան լսած չըլլալ Դպրեվանքի մասին, բայց անոնք ձեւով մը իրենց կեանքի ուղղութիւնը պիտի ստանան իրենց ծնողներէն, ուսուցիչներէն եւ նաեւ մեզմէ: Այստեղ ուսուցիչներ եւ ծնողներ նաեւ կարեւոր դեր ունին կատարելիք, բացատրելու թէ ի՞նչ է Դպրեվանքը, ի՞նչ կը տեսնենք մենք Դպրեվանքին մէջ եւ ինչո՞ւ սփիւռքահայութեան ողնայարն է եւ Կաթողիկոսութեան սիրտն է Դպրեվանքը, միշտ շեշտադրելով այն պատասխանատու մօտեցումը, որ կրօնը եւ ազգը մեր կեանքին մէջ ընդելուզուած տարրեր են, որոնցմէ կը մեկնի մեզմէ իւրաքանչիւրին ազգային եւ եկեղեցական ծառայութիւնը:
Հետեւաբար, բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին Դպրեվանք յաճախել, տեսնել թէ ի՞նչ է Դպրեվանքը եւ ինչպիսի՞ հոգեմտաւոր դաստիարակութիւն կը ջամբէ, իրենց հարցումներով կրնան դիմել մեզի եւ մեծ սիրով իւրաքանչիւր հարցումին պատասխան կրնան ստանալ: Անոնք որոնք կը փափաքին կրնան գալ եւ արձանագրուիլ եւ մենք բոլորին տեղ կրնանք ապահովել սիրայօժար:
Հարցազրոյցը վարեց
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան