24 Յունիսին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութիւն» շարժումի բազմամարդ հանրահաւաքը:
 
Ելոյթներ ունեցան բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան, ուսանող Արեգ Մանուկեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեան, Արամ Վարդեւանեան եւ Աննա Մկրտչեան:
 
«Նիկոլը իւրաքանչիւր երեք ամիսը անգամ մը մէկ թերթօն մը կը կարդայ, եւ անիկա կը հռչակէ փաստեր նոր Հայաստանի մասին։ Այդ փաստերուն զգալի մասը ծիծաղ կը յառաջացնէ», հանրահաւաքի ընթացքին իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան:
 
«Հիմա ինք արդէն ալ խաբել չի կրնար, բայց փոխարէնը կառավարութեան նիստին ինչ որ թիւեր կը հնչեն, որոնք զարմանքով կը լսես եւ կ՛ըսես` մենք նոյն երկրին մէջ կամ նոյն մոլորակին մէ՞ջ կ՛ապրինք, թէ ոչ», ըսաւ ան:
 
Արթուր Խաչատրեան անտրամաբանական նկատեց նաեւ աշխատավարձերու բարձրացման հարցը, զոր իշխանութիւնը իբրեւ յաղթաթուղթ կը գործածէ։
 
Այսինքն` մարդը եկած է իշխանութեան արդարութեան ու նաեւ ընկերային արդարութեան խոստումներով, բայց եթէ վարի աշխատավարձը չի բարձրանար, վերինը կը բարձրանայ, ուրեմն մարդոց միջեւ անդունդը կը խորանայ: Աղքատները աւելի վատ կը սկսին ապրիլ, իսկ անոնք, որոնք լաւ կ՛ապրէին, աւելի լաւ կը սկսին ապրիլ», ընդգծեց ան:
 
Ցուցադրուեցաւ ամփոփիչ տեսերիզ` «Դիմադրութիւն» շարժումին կազմակերպած նախորդ օրերու կարեւոր գործողութիւններէն:
 
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Հայատանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարեց, որ իրենք Արցախ գտնուելու ընթացքին հանդիպած են հայկական երկրորդ հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ, եւ փաստ է` 14 Ապրիլ 2022-ին Արցախի խորհրդարանի յայտարարութիւնը, ուր ամրագրուած են բոլոր կարմիր գիծերը, Արցախի ամբողջ քաղաքական դաշտի դիրքորոշումն է: Բոլորը միասնական են ու միակամ այն հարցին մէջ, որ Արցախը երբեք չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
 
Արցախի մէջ Նիկոլի եւ Ալիեւի հայաթափման օրակարգը կիսող եւ սպասարկող չկայ ու պիտի չըլլայ», շեշտեց Իշխան Սաղաթէլեան:
 
Ան ըսաւ, որ քաղաքական ուժերուն հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են յառաջիկային «Դիմադրութիւն» շարժման համակարգող խորհուրդներ ձեւաւորելու նաեւ Արցախի մէջ:
 
Այնուհետեւ ան հանրահաւաքի մասնակիցները հրաւիրեց երթի:
 
«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ»` վանկարկումներով երթի մասնակիցները Մաշտոցի պողոտայով շարժեցան դէպի Բարձրագոյն դատական խորհուրդի շէնք:
 
Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հանրահաւաքը շարունակուեցաւ:
 
«Դիմադրութիւն» շարժումը պիտի շարունակէ յառաջիկային պայքարը նոյն ձեւաչափով` չորեքշաբթի օրերը կազմակերպել քննարկում, իսկ ուրբաթ օրերը` հանրահաւաք, իսկ եթէ շաբթուան ընթացքին ըլլան հրատապ միջոցառումներ, ապա այդ մասին կը տեղեկացնեն մասնակիցները, իր եզրափակիչ խօսքին մէջ յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
 
Մասնակիցները վանկարկեցին Միութիւն, պայքար, յաղթանակ»: