Դաւիթին ապրած անկեղծ եւ հարազատ ապաշխարութեան արդիւնքներէն են յիշեալ սաղմոսին հետեւեալ տողերը. «Արդ, ես Տիրոջ ի՞նչ կրնամ հատուցանել, ինծի ըրած բոլոր բարիքներուն փոխարէն: Փրկութեան բաժակը պիտի առնեմ՝ երախտագիտութիւնս յայտնելու համար Տիրոջ» (Սղ 116.12-13):
Դաւիթի փափաքն էր խօսիլ ժողովուրդին եւ վկայել անոնց Տիրոջ իրեն համար ըրած բարիքներուն մասին եւ թէ ինչպէ՛ս Աստուած ողորմեցաւ իրեն: Ան կ’ուզէր մարդոց ապաշխարութեան հրաւիրել եւ իր ցանկութիւնն էր, որ մարդիկ շտապեն ապաշխարելու նախքան յանկարծակի այս աշխարհէն հեռանալու ժամանակին վրայ հասնիլը:
Այսպէս է, որ մարդուս մէջ ուրիշներուն փրկութեան հանդէպ սուրբ նախանձախնդրութիւնն ու  ջերմ փափաքը կը զարգանան, ու մարդ կը կրկնէ, որ բաւարար չէ միայն իմ ապաշխարութիւնը ու առ Աստուած դառնալը, այլեւ պէտք է, որ հազարաւորներ ինծի հետ քաշեմ դէպի Աստուած, որպէսզի արդարութիւնն ու Աստուծոյ սէրը տարածուին: Եւ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով այս ազդեցութիւնը կը հասնի բոլոր անոնց, որոնց գայթակղութեան պատճառ եղած կրնայի ըլլալ կամ այն սերունդներուն, որոնք պիտի կրէին ազդեցութիւնը այն գայթակղութիւններուն, որ ես պատճառած կրնայի ըլլալ:
Արդ մարդը կը զգայ, որ ինք կոչուած է մեծ գործ մը կատարելու, եւ թէ իրմէ կը պահանջուի սրբագրել այն՝ ինչ որ իր մեղքին պատճառով փճացուցած էր եւ իրեն համար բարի վարձք ապահովել ինչպէս նաեւ աստուածահաճ գործեր կատարել: Անիկա ինքնիրեն կ’ըսէ, թէ անձամբ մեծապէս պարտական է Աստուծոյ, ուստի Տիրոջ ի՞նչ կրնայ հատուցանել բոլոր իրեն տուածներուն համար:
ԱՐՔԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔ
Ապաշխարութեան կարեւորագոյն արդիւնքներէն մէկը պիտի ըլլայ մարդուն երկնային արքայութեան համար պատրաստ կեանք մը ապրիլը: Ուստի, ինչպէ՞ս պատրաստուիլ: Ինչպէս մարդ ապաշխարութեամբ կը պատրաստուի, նոյնպէս կը պատրաստուի հոգեւոր առաքինութիւններով եւ իր առջեւ կը դնէ հոգեւոր այն միջոցները, որոնցմով կրնայ երկինքի արքայութիւն մուտք գործել: Կը նայի, թէ ինչպէ՛ս կրնայ առաւել խորանալ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ անոր մասին խորհրդածութեան մէջ, ինչպէ՛ս սորվիլ եկեղեցւոյ շարականներն ու օրհներգութիւնները, եւ պատրաստ ըլլալ ինքզինք մարզելու, մինչեւ որ զգայ թէ Աստուծոյ սէրը կ’ողողէ իր կեանքը եւ զգայ, որ Ս. Հոգիով կը լեցուի: Այս բոլորին կողքին ձերբազատի գէշ սովորութիւններէ եւ փոխարէնը իր կեանքին մէջ երեւան գան առաքինութիւններն ու Ս. Հոգիին արդիւնքները (պտուղները):
Հաւատացեալ մարդէն շատ բաներ կը պահանջուի, որպէսզի ժառանգորդ դառնայ արքայութեան, ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Անիկա կը կտրէ վրաս հաստատուած բոլոր այն ճիւղերը, որոնք պտուղ չեն տար, իսկ բոլոր անոնք, որոնք պտուղ կու տան՝ յօտելով կը մաքրէ, որպէսզի աւելի պտղաբեր ըլլան» (Յհ 15.2):
Ուստի, երանի՜ շուտով ոտքի կանգնիս եւ աշխատիս բարեգործութիւն ընել, որովհետեւ ժամանակը կ’անցնի՛ ու կը սուրայ՝ «Արդ՝ իմ օրերը սուրհանդակէն արագ են, փախան առանց բարութիւն տեսնելու» (Եօբ 9.25):
Արդ, եթէ ժամանակին չհասնիս, թերեւս առիթը կորսցնես: Աճապարէ՛ ողորմութիւն գործելուդ մէջ, եւ եթէ կարիքաւոր մը գտար՝ շտապէ՛ որ տաս անոր. եւ եթէ հիւանդի մը մասին լսեցիր, աճապարէ՛ որ օգնես անոր:
Յիշէ՛ որ ժամանակին ի՞նչ ըսաւ Քրիստոս, որ այսօր ալ սրտիդ դուռը թակելով կ’ըսէ. «Որովհետեւ անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի» (Մտ 25.35-36): Եւ երբ կը հարցնենք իրեն. «Տէ՛ր, քեզի ե՞րբ անօթի տեսանք եւ կերակրեցինք, կամ ծարաւ տեսանք եւ ջուր տուինք: Քեզի ե՞րբ օտարական տեսանք եւ ընդունեցինք կամ մերկ՝ եւ հագցուցինք: Քեզի ե՞րբ հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք եւ այցի եկանք քեզի»: Թագաւորը կը պատասխանէ. «Կ’ըսե՛մ ձեզի, որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մտ 25.37-40):
ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՑԷ՛Ք ԺԱՄԱՆԱԿԸ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՅՍ ՕՐԵՐԸ ՉԱՐ ԵՆ (Եփ 5.16)
Անձիդ հետ հաշուետուութեան նստէ՛ եւ մտածէ՛, թէ կեանքիդ մէջ ամենաթանկագին բանը ի՞նչ է: Աստուածաշունչին համաձայն պիտի ըսենք, որ մարդուն կեանքին մէջ ամենաթանկարժէք բանը ժամանակն է. անոր համար ալ Ս. Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են» (Եփ 5.16), մէկ վայրկեանը կրնայ մարդուն ամբողջ կեանքը արժել կամ անոր ամբողջ կեանքին հաւասարիլ, որովհետեւ մարդուս կեանքը վայրկեաններու հաւաքածոյ մըն է:
Երբ ժամացոյցին կը նայիս եւ կը տեսնես, որ երկվայրկեաններու սլաքը անդադար եւ արագ կը շարժի, դուն քեզի ըսէ, որ ընթացողը ո՛չ թէ երկվայրկեաններու սլաքն է, այլ՝ իմ կեանքն է. իրար կը յաջորդեն օրերը, ժամերը, վայրկեանները, եւ մեր կեանքը արագօրէն կ’անցնի, ինչպէս գրուած է. «Ձեր կեանքը մշուշին պէս է, կարճ ժամանակ մը կ’երեւի եւ ապա կ’աներեւութանա՛յ» (Յկ 4.14): Մարդ անհրաժեշտ է, որ գիտնայ ժամանակին արժէքը, եւ արթուն պահակի պէս հսկէ, որպէսզի որեւէ բան չկորսնցնէ իր ժամանակէն: Մարդուս կեանքը վայրկեաններու հաւաքածոյ մըն է եւ այդ կեանքին իւրաքանչիւր վայրկեանը իր արժէքը ունի. երանի՜ որ մարդ գիտնայ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգտուի անկէ:
(Շար. 16)
Թարգմանեց՝ Լեւոն Վրդ. Եղիայեան