Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 6 տարի առաջ սուրիական բանակը ազատագրեց Հալէպ նահանգի արեւելեան արուարձանի ելեկտրածին կայանը, իսկ այսօր երկրաչափերն ու բարեկարգման խմբակները աւարտեցին նորոգութեան աշխատանքները։
 
Այսօր, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ այցելեց ելեկտրակայան, որպէսզի բացումը կատարէ կայանի վերանորոգուած 5-րդ ելեկտրածին բաժինին, որ 200 մէկա ուաթ տարողութեամբ ելեկտրականութիւն պիտի հայթայթէ Հալէպ նահանգին։
 
Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Հալէպի ժողովուրդը շատ տառապեցաւ ու զրկանքներ կրեց, ուստի իր իրաւունքն է առաւելագոյն չափով օգտուիլ այս կայանէն։ Ապա աւելցուց. «Սուրիացի բանուորները, երկրաչափերն ու արհեստաւորները ճակատի վրայ մարտնչող զինուորներուն համարժէք պայքարողներ են։ Բանակը կռուեցաւ, ազատագրեց հողը, ետ մղեց թշնամին, իսկ դուք երկիրը վերականգնելու համար օրն ի բուն աշխատեցաք, նոյնիսկ անապահով պայմաններու մէջ, ահաբեկչական խմբաւորումներէն ոչ շատ հեռու գտնուող վայրերու մէջ, նորոգեցիք ահաչեկիչներուն քանդածը, վերակառուցեցիք ու վերաշինեցիք երկիրը։ Ելեկտրակայանին վերանորոգուիլը կը վկայէ սուրիացիներուն կամքին եւ պայքարին մասին՝ մեր երկրին սպառնացող դաւադրական բոլոր ծրագիրներուն դիմաց»։
 
Նախագահը շրջեցաւ կայանին մէջ եւ ականատեսը եղաւ կայանի մնացեալ չորս բաժիններու վերանորոգման աշխատանքներուն եւս։
 
Նախագահ Ասատին կ՚ընկերակցէին Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս, Սուրիոյ ելեկտրականութեան նախարար Ղասսան Զամէլ եւ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ։