Շաբաթ, 9 Յուլիս 2022-ի առաւօտուն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ իսլամական Ատհա տօնին առիթով աղօթեց Հալէպի ալ-Սահապի ալ-Ճալիլ պըն ապտալլա պըն Ապպաս մզկիթէն ներս, հոծ բազմութեան ներկայութեան։
 
Աղօթքէն ետք, նախագահը ողջունեցին մեծաթիւ հալէպցիներ, որոնք հաւաքուած էին մզկիթի սեմին։ Անոնք զօրակցական արտայայտութիւններով գնահատեցին նախագահին Հալէպ այցելութիւնն ու Հալէպի բնակչութեան կենցաղային ու տնտեսական հարցերուն բարւոք լուծման նպաստելը։
Յիշենք, որ նախագահը, Առաջին Տիկին Ասմա ալ-Ասատը եւ իրենց զաւակները երէկ ժամանեցին Հալէպ։
 
Հալէպի մէջ Պաշշար ալ-Ասատ նախ բացումը կատարեց Հալէպի արեւելեան արուարձանին մէջ գտնուող ելեկտրակայանին, ապա իր ընտանիքին հետ այցելեց Հալէպի հին շուկաները, բերդը, օմայատ մզկիթը։