ՁՄԵՐՈՒԿԻՆ ՕԳՏԱԿԱՐ ԵՒ ՎՆԱՍԱԿԱՐ  ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ձմերուկը ոչ միայն համեղ, այլեւ օգտակար պտուղ մըն է: Ան գրեթէ (90 տոկոսով) ջուրէ բաղկացած է: Այս պատճառով ալ մեր ծարաւը կը յագեցնէ: Անիկա կը պարունակէ մեծ քանակով ածխաջուրեր: Հարուստ է A, B եւ C կենսանիւթերով եւ հանքային նիւթերով, ինչպէս՝ մակնիզիումը, որ օգտակար է ոսկորներու ամրութեան:
Ձմերուկին կուտերն ալ նոյնքան սննդարար են, որովհետեւ անոնք կը պարունակեն ֆոսֆոր, մակնիզիում եւ կենսանիւթեր: Նախընտրելի է կուտերը ուտել չորցուած կամ խարկուած ձեւով:
Ձմերուկի հիւթը մեր ցաւերը կը մեղմացնէ, իսկ կեղեւը ունի օգտակար յատկութիւններ: Թարմ ձմերուկի կեղեւը լաւ միջոց է գլխացաւերուն դէմ: Չորցուած կեղեւէն ալ կարելի է պատրաստել տարբեր հեղուկներ, որոնք կրնան բուժել միզային բորբոքումները:
Ձմերուկը կ’արգիլէ առողջութեան դէմ կործանարար գործընթացը: Անիկա դրական ազդեցութիւն  ունի նաեւ սիրտի մկանին վրայ, որովհետեւ կը լայնցնէ արիւնատար երակները:
Ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութենէ ետք ան կը նպաստէ մեր գործարաններուն վերականգնումին, որ օգտակար է մարզիկներուն: Անիկա մեր առողջութիւնը ամրապնդող բնական միջոցներէն մէկն է:
Ձմերուկի վնասակար յատկութիւններէն մէկը այն է, որ եթէ սպառենք զայն անսահմանափակ չափով մեր երիկամները կը ծանրաբեռնուին: Շաքարի մեծ քանակը դուրս բերելու համար մեր գործարանները բաւական ջուր կը սպառեն: Այդ պարագային ջուրին հետ դուրս կու գան մեծ թիւով հանքանիւթեր, քան՝ թունաւոր նիւթեր:
Բժիշկները չեն թելադրեր ձմերուկ ուտել երիկամային հարցեր ունեցող հիւանդներուն, ենթաստամոքսային գեղձի բորբոքում եւ շագանակագեղձի խնդիրներ ունեցող մարդոց:
***
ՁՄԵՐՈՒԿԻ ՕՇԱՐԱԿ
Բաղադրութիւն
4 գաւաթ ձմերուկի հիւթ
3 գաւաթ սառոյց
4 ճաշի դգալ կիտրոնի հիւթ
Շաքար՝ ըստ ճաշակի
Պատրաստութիւն
Ձմերուկը, սառոյցը, շաքարն ու կիտրոնի հիւթը միասնաբար հարել այնքան մինչեւ որ ունենանք թանձր հիւթ մը: Պարպել զայն գեղեցիկ ոտքով գաւաթի մը մէջ եւ զարդարել որեւէ կանաչ պտուղով կամ անանուխի տերեւով:
Բարի ախորժակ
***
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԱՌԱԾՆԵՐ
-Բախտ կայ փորձանք կը բերէ, փորձանք կայ՝ բախտ կը բերէ:
-Բանուկ ձեռքը չի մուրար:
-Բարիքները վայելած ատեն, բարերարը մի՛ մոռնար:
-Բաղնիք մտնողը կը քրտնի:
-Բերնէ բերան՝ կ’ըլլայ գերան:
-Բարկացկոտը սուր կը նայի, կասկածոտը՝ ծուռ:
-Բարձր ձայնը եթէ բանի ծառայեր, էշը պալատներու տէր կը դառնար:
-Բանալիիդ տէր եղի՛ր, դրացիդ գող մի՛ հաներ:
-Բեռը՝ շալկողին կռնակը կը դնեն:
Պատրաստեց՝ Նուշիկ Սողոյեան-Առաքելեան