ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ – 2022
Նորաձեւութիւնը այս շրջանին վառ գոյներով եւ այլազան կտորներու առատութեամբ յատկանշուած է: Այս բոլորին համադրումով կարելի է ոճային շքեղ կերպար մը ստանալ:
Ա) Վառ գոյներ
 2022-ի գլխաւոր նորոյթներն են.- վառ մանիշակագոյնը, նարնջագոյնն ու վառ դեղինը:
Իսկ փայլիկներ կամ բայէթ կտորները  այս եղանակի շողշողուն տարրերն են:
Արդիական են կարմիր-կանաչ փայլիկներով հագուստները, իսկ նուրբ վարդագոյնն ու կապոյտը աչքառու կը համարուին երեկոյեան տաբատ-շապիկներու կամ ամէնօրեայ կիսաշրջազգեստներու համար:
Բ) Երկար տաբատներ
Խորքին մէջ դժուար է պատկերացնել պահարան մը առանց ոճային տաբատի:
Զանազան գոյներով եւ ձեւերով լայն ու երկար տաբատները այս եղանակի ամէնէն շատ պահանջուածներն են:
Գ) Ցած գօտի. Ցած գօտիով տաբատները մոռցուած կը թուէին ըլլալ, սակայն 2022 -ի այս շրջանի վերջին նորոյթը ցած գօտիներով տաբատներն ու ճինզերն են:
Դ) Սպիտակ զգեստ
Դասական տարբերակ մըն է, որ յատկապէս նորոյթ կը համարուի ամրան այս եղանակին:
Թեթեւ, ճերմակ շրջազգեստները իգական սեռին կանացիութիւն կը հաղորդեն:
Ե) Թափանցիկ կտորներ
2022-ի նորաձեւութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն թափանցիկ կտորները:
Զ) Կրունկներ
Այս տարի տարածուած են բարձր կրունկներով կօշիկները եւ ամառնային բաց մուճակները:
Է) Ուսի թեւնոց
Ուսի թեւնոցը կամ bicep bracelet -ը նոյնպէս 2000-ական թուականէն կը վերադառնայ այս տարի ու նորաձեւ զարդեղէն կը համարուի: Կրնաք կրել զայն ձեր թեւին վրայ:
Ը) Կերպասներ 
Այս տարի տարածուած է  սողուններու մաշկը, մանաւանդ եթէ բնական է:
2022-ի նորաձեւութեան միտումները կը ներառեն նաեւ թափանցիկ կօշիկներ: Անոնք շատ յարմարաւէտ են, որովհետեւ կը համադրուին այլազան հագուստներու հետ:
Քառակուսի կօշիկները 2022-ին չեն կորսնցներ իրենց արդիականութիւնը. քառակուսի կօշիկներու կամ մուճակներու մէջ խնամուած ոտնաթաթերը գեղեցիկ տեսք կ’ունենան:
***
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԱՌԱԾՆԵՐ
-Գայլէն վախցողը ոչխար չի՛ պահեր:
-Գետը չհասած՝ մի՛ բոպիկնար:
-Գիրկդ նստած մօրուքդ կը փետտէ:
-Գործածուած բանալին փայլուն կ’ըլլայ:
-Գործը՝ կատարելով, ճամբան՝ քալելով:
-Գնա՛ մեռի՛ր, եկո՛ւր սիրեմ:
-Գող՝ սիրտը դո՛ղ:
Պատրաստեց՝ Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան