ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Համաշխարհային պասքեթի զտման մրցումներու շրջագիծին մէջ, Սուրիոյ տղոց հաւաքականը Հալէպի մէջ 76 – 67 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրելով զիջեցաւ Պահրէյնի կազմին: Հանդիպումի աւարտին դաշտին մէջ գտնուող ժողովուրդը իր դժգոհութիւնը յայտնեց եւ պահանջեց պասքեթի դաշնութեան հրաժարականը:
– Ալճերիոյ մէջ տեղի ունեցած միջերկրական ծովու երկիրներու մրցումներուն սուրիացի բռնցքամարտիկ Ահմատ Ղսուն տիրացաւ ոսկի մետալի, ձիարշաւի մրցումին Ահմատ Համշօ եւս ձեռք ձգեց ոսկի մետալ: Սուրիոյ երրորդ ոսկի մետալը տրամադրուեցաւ Այա Ռահիէին՝ 400 մեթր վազքին առաջնութիւն արձանագրելուն առիթով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ՀԵՆՐԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԻՆԹԸՐԻ ԽԱՂԱՑՈՂ 
Ուրբաթ օր Իտալիոյ Ինթըր Միլանի ակումբը պաշտօնապէս ներկայացուց խումբին մաս կազմող Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեանը: Ան դարձաւ Ինթըրին մաս կազմող առաջին հայը: Հենրիկի պատմութիւնը սկսաւ Երեւան, 1989 թուականին: Անոր հայրը՝ Համլետը եղած է արհեստավարժ  ֆութպոլիստ:
Հենրիկ մաս կազմած է Ուքրանիոյ Շախտար խումբին, ուր եղած է արհեստավարժ մարզումի իր առաջին տեղը, որմէ ետք տեղափոխուած  է Գերմանիա, մաս կազմելով Պորիսիա Տորթմունտին, որուն հետ արձանագրած է փայլուն արդիւնքներ:
 Փրեմիէր լիկ տեղափոխուելով դարձած է Մանչեսթըր Իւնայթըտի եւ Արսենալի խաղացող, ապա անցնելով Իտալիա մաս կազմած է Ռոմա խումբին:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՓՈՔՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Հայաստանի պասքեթի տղոց հաւաքականը Մալթայի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքը յաղթական աւարտելով տիրացաւ Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան: Եզրափակիչ խաղին հայ մարզիկները 84 – 68 արդիւնքով յաղթեցին հիւրընկալ Մալթայի կազմին։ Հանդիպման ամենաարդիւնաւէտ խաղացող ճանչցուեցաւ Հայաստանի հաւաքականի խաղացող Քրիս Ճոնսը, որ անհատաբար կրցաւ նշանակել 41 կէտ: Մրցանակային 3-րդ տեղը գրաւեց Անտորայի հաւաքականը, որ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Ատրպէյճանը՝ 84 – 75 արդիւնքով:
ՀԱՅԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ՝ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ 

 

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշ Հայկ Աբրահամեան Հռոմի Եւրոպայի ըմբշամարտի մրցաշարքին տիրացաւ պրոնզ մետալի: 61 քկ. ծանրութեան ըմբիշը 3-րդ տեղի համար մրցամարտին 8 – 3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ռումանացի Դանիէլ Սանդուն: Այդպիսով, Հայկ Աբրահամեան չորրորդ մետալը ապահովեց Հայաստանի հաւաքականին: Յիշեցնենք, որ հաւաքականին մաս կազմող ըմբիշները նաեւ նուաճեցին 2 ոսկի, 1 արծաթ մետալներ:

 

Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան