ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ 2-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՍՈՒՐԻԱ ԳՐԱՒԵՑ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՐՔԸ
Լիբանանի Աթլեթիզմի Դաշնութեան կազմակերպութեամբ, Ժամհուր վարժարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ տղոց եւ աղջկանց երիտասարդներու 2-րդ ախոյեանութիւնը (20 տարեկանէն վար), որ համախմբեց 9 երկիրներու երկսեռ մարզիկները, պսակուեցաւ շատ մեծ յաջողութեամբ:
Ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութեամբ:
Տիրանալով 9 ոսկի, 7 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալի, Սուրիա գրաւեց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը:
Քաթար հանդիսացաւ երկրորդ (8 ոսկի, 6 արծաթ եւ 5 պրոնզ), մինչ երրորդ հանդիսացաւ՝ Իրաք (7 ոսկի, 12 արծաթ եւ 6 պրոնզ):
Հիւրընկալ երկիրը՝ Լիբանան, որ առաջին ախոյեանութեան հանդիսացած էր առաջին, այս անգամ հանդիսացաւ 5-րդ (6 ոսկի, 4 արծաթ եւ 10 պրոնզ):
Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին անդամները, ախոյեանութեան աւարտին իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին անոր բացառիկ կազմակերպման համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին, անոր յաջողութեան մէջ իրենց գործօն դերը ունեցած անձերուն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԵՆՐԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԱՐՏԱՍԱՆԵԼ ԻՐ ՄԱԿԱՆՈՒՆԸ ԵՒ ԿԸ ԾԱՆՕԹԱՑՆԷ ԶԻՐԵՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԵՍԱՐԺԱՆ ՎԱՅՐԵՐՈՒՆ 
«Ինթըր»-ի նորեկ, Հայաստանի ազգային ընտրանիի նախկին աւագ Հենրիկ Մխիթարեան հանդէս եկած է տեսահոլովակի մը մէջ, ուր ան իր երկրպագուներուն կը սորվեցնէ արտասանել իր ազգանունը: Տեսանիւթին մէջ Մխիթարեան կը ներառէ նաեւ տեսարժան վայրեր Հայաստանէն՝ քաջալերելու զբօսաշրջութիւնն ու ծանօթացնելու Հայաստանը:
Յիշեցնենք, որ Հենրիկ Մխիթարեան 2019 թուականէն ի վեր կը խաղար Հռոմի «Ռոմա»ակումբին մէջ: Ռոմայի կազմին հետ ան մասնակցած է 115 հանդիպումի, արձանագրած՝ 29 կոլ եւ կատարած 25 արդիւնաւէտ փոխանցում: Պայմանագրութեան աւարտին հետեւանքով ան տեղափոխուած է «Ինթըր»:
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Մ16 ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՄԵԿՆԱԾ Է ՔՈՍՈՎՕ
Հայաստանի մինչեւ 16 տարեկան պատանիներու հաւաքականը 12-17 Յուլիս Քոսովոյի Փրիզրէն քաղաքին մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի առաջնութեան Գ. բաժանմունքի Բ. ենթախումբի հանդիպումներուն:
Ենթախումբին մէջ Հայաստանի հաւաքականի մրցակիցները պիտի ըլլան Ճիպրալթարի, Անտորրայի եւ Մոլտովայի խումբերը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան