ՏԵՂԱԿԱՆ
 ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Երկուշաբթի առաւօտ Հայաստան մեկնեցաւ Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի մարզական պատուիրակութիւնը, իր մասնակցութիւնը բերելու Երեւանի մէջ կայացած Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն. Սուրիան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Պասքեթի տղոց եւ աղջկանց մրցումներուն, պասքեթի 3 x 3 -ի, ֆութպոլի, ֆութսալի եւ ճատրակի մրցումներուն:
– Ինտոնեսիոյ մէջ կայացած Ասիոյ տղոց ախոյեանական առաջին փուլի մրցումներուն, Սուրիոյ կազմը կրեց երկու պարտութիւն: Առաջին հանդիպումին ան 67-80 արդիւնքով պարտուեցաւ Իրանէն, որմէ երկու օր ետք կրեց ծանր պարտութիւն մը Ճափոնէն՝ 117-56 արդիւնքով: Սոյն մրցումին ճափոնցիները յաջողեցան նշանակել 27 հատ երեք կէտերու հարուած: Առաջին փուլի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Կիրակի օր, ուր Սուրիա 67-76 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ղազախիստանը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ԼԵՒԱՆՏՈՎՍԿԻ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻՆ ՀԵՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՒ 
Շաբաթ օր քաթալոնէական Պարսելոնան պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կրցած է վերջնական համաձայնութեան հասնիլ Պայերն Միւնեխի յարձակողական խաղացող Ռոպերթ Լեւանտովսկիի հետ: Վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին Պարսելոնան խիտ բանակցութիւններ վարեց Պայերն Միունեխի պատասխանատուներուն հետ, եւ վերջապէս համաձայնելով նիւթական պայմաններուն, Պարսելոնան իր կայքով տեղեկացուց, որ Լեւանտովսկի պիտի ժամանէ Պարսելոնա՝ կատարելու բժշկական քննութիւն, որմէ ետք պիտի ստորագրէ իր պայմանագրութիւնը: Ըստ Սպանական մամուլին, Լեւանտովսկիի պայմանագրութիւնը պիտի ըլլայ երեք տարուան տեւողութեամբ:
ՌԱՈՒԼ ԿՈՆԶԱԼԷՍ Կ’ՈՒԶԷ ՄՆԱԼ ՌԷԱԼԻ ԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ 
Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի նախկին խաղացողը, որ ներկայիս կը մարզէ ակումբի երիտասարդներու կազմը, մերժելով այլ ակումբներէ ներկայացած առաջարկները փափաք յայտնած է մնալ մայրաքաղաքի արքայական խումբին հետ: Ըստ Մարքա թերթին, Ռաուլ մարզիչութեան առաջարկներ ստացած է Սպանիոլ, Լէթս Իւնայթըտ եւ Անտրլախթ Ֆրանքֆորթի ակումբներէն, սակայն ան փափաք յայտնած է մնալ Ռէալին հետ, ուր նպատակ ունի նաեւ ապագային ստանձնել առաջին խումբի մարզիչութեան պաշտօնը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան