ՋՈՒՐԸ ՀԱՅՈՑ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԿԵՆՑԱՂԱՎԱՐԱԿԱՆ ԾԷՍԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Կենսական անհրաժեշտութեան բերումով ջուրը միշտ համարուած է կեանքի  գոյութեան սկըզբնաղբիւրը: Հին յոյն փիլիսոփայ Արիստոտէլը զայն դասած է բնութեան 4 հիմնական տարրերու (կրակ, օդ, հող եւ ջուր) շարքին: Պատահական չէ, որ ջուրը վաղնջական ժամանակներէն եղած է նաեւ պաշտամունքի առարկայ, հիմք ու աղբիւր դարձած է առասպելական բազմազան նիւթերու: Ջուրը իբրեւ մաքրութեան խորհրդանիշ հին ժամանակներէն մաս կազմած է կրօնական տարբեր արարողութիւններու, որոնք զանազան դարաշրջաններու մէջ յարատեւելով ու փոխակերպուելով կրօնական այլազան պատկերացումներէ, հասած են մինչեւ մեր օրերը:
Վարդավառին, որ կը համարուի Անահիտ եւ Աստղիկ աստուածուհիներու տօնը, ջուր սրսկելը եւ աղաւնի ազատ արձակելը եղած են այնպիսի սովորութիւններ, որոնք վկայած են ջուրին եւ աղաւնիին հանդէպ մեր աստուածուհիներուն հետաքրքրութիւնը: Իրար վրայ ջուր թափելու կրօնական-հեթանոսական արարողութիւնը, որ սկզբնականօրէն կը միտէր ներգործել բնութեան վրայ, հետեւելով մարդու օրինակին, որ պտղաբերութեան հասնելու համար անձրեւ կը խնդրէր իր դաշտերուն եւ արտերուն համար:
Հետագային քրիստոնէական եկեղեցին իր ծիսակարգին մէջ համադրած է Քրիստոսի Պայծառակերպութիւնը՝ Թաբոր Լերան վրայ՝ ոչ միայն պահպանելով տօնին հին անունը՝ Վարդավառ, այլեւ  այն ծէսերն ու արարողութիւնները, որոնք կատարուած են այդ օրերուն: Աղաւնի ազատ արձակելու եւ ջուր թափելու սովորութիւնները յարմարած են համաշխարհային ջրհեղեղին ու Նոյեան աղաւնիին հետ, իսկ Աստղիկ դիցուհին համարուած է Նոյի դուստրը՝ կրօնական տեսակէտով օրինականացնելով անոր հեթանոսական պաշտամունքի պահպանումը ժողովրդական արարողութիւններով:
Ծանօթ է նաեւ, որ հայերուն համար Վահագնը՝ որպէս կայծակի ու հուրի աստուած, որ կռուած է վիշապներուն դէմ, համարուած է նաեւ ջուրերու ծովի ծնունդ:
Արդարեւ, հայ ժողովրդական դիւցազնավէպին մէջ էական տեղ գրաւած է ջուրը: Այսպէս՝ «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպի նախնի հերոսները պատումներու մեծ մասին մէջ ծովէն յառաջ եկած են, ջուրը անոնց տարրն է:  Ջուրը հերոսները կ’օժտէ նաեւ ուժով, ջուր խմելով անոնք արագ կ’աճին, կը մեծնան, կը զօրանան ու ջուրի մէջ լողալով կ’ապաքինեն իրենց վէրքերը ու նորովի կորով կը ստանան:
Պատումներէն մէկուն մէջ, երբ պատանի Սանասարն ու Պաղտասարը իրենց մօր եւ քահանային հետ կ’երթան Աղթամար, Սանասար հեռուն կը տեսնէ Առտեր կղզին: Ան լողալով կը հասնի կղզի ու կը տեսնէ, որ այնտեղ եկեղեցի մը կայ: Կը մտնէ ներս, կը քնանայ: Երազին մէջ Ս. Աստուածածինը կը յայտնուի ու Սանասարին կ’ըսէ, որ կղզիին մէջ քարայր մը կայ, ուր բազմաթիւ զէնք ու զրահ պահուած են: Կ’առաջարկէ առնել զանոնք, ապա ծովափը գտնուող քարին տակէն հանել սանձը, կախել ծովուն մէջ եւ քաշել: Այնտեղէն դուրս պիտի գար ծովային ձի մը՝ Քուռկիկ Ջալալին: Աստուածածինը Սանասարին կ’ըսէ նաեւ, որ դարպասին մօտ ջուր կայ, կ’առաջարկէ լողալ անոր մէջ, որպէսզի զօրանայ եւ կտրիճ դառնայ: Սանասար կ’արթննայ, կը կատարէ Ս. Աստուածածինին պատգամը ու կտրիճ կը դառնայ, կը հեծնէ Քուռկիկ Ջալալին ու դուրս կու գայ կղզիէն:
Վիպական այս դէպքը վէպի հերոսներուն համար ելակէտային նշանակութիւն ունի՝ հերոսներուն ջուրով զօրանալը, հրեղէն ձի ու թուրի կայծակ ձեռք ձգելը եւ այլն:
Ջուրը ժողովրդական ասոյթներուն մէջ
Ժամանակակից հայերէնի մէջ, մասնաւորաբար ժողովրդային խօսակցական լեզուի մէջ լայն շրջանառութեան մէջ դրուած են ջուր բառով կազմուած անէծքները, օրհնանքները, բարեմաղթութիւններն ու երդումները, որոնց մէջ ջուրը թէ որպէս կեանքի խորհրդանիշ  դրական իմաստով կ’արտայայտուի, ինչպէս. «Ջուրի պէս երկար կեանք ունենաս», թէ ալ ջուրէն զրկուելու անէծքի բացասական իմաստով, ինչպէս. «Մեռնիս, ջուր տուող մը չունենաս»:
Ջուրը Քրիստոնէական ծիսակարգերուն մէջ
Ջուրը նշանակալից դեր ունեցաւ մեր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն մէջ: Նկատի ունենալով ժողովուրդին մէջ ջուրի պաշտամունքին տարածումը, մեր եկեղեցին ջուրին առնչուող հեթանոսական հաւատալիքներուն որոշակի ձեւափոխումներ տալով քրիստոնէական երանգ հաղորդեց անոնց ու հին աւանդոյթներէն բազում տարրեր պահպանեց իր ծիսակարգերուն մէջ:
***
Օգտագործուած աղբիւրներ
«Ջուրը Հայոց Հաւատալիքներում», Վաչագան Աւագեան, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, 2017
«Հին Հաւատք կամ Հեթանոսական Կրօնք Հայոց», Ղեւոնդ Ալիշան, Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1910