Երեքշաբթի, 19 Յուլիս 2022-ին, տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Հալէպ նահանգէն ներս ելեկտրականութեան մատակարարումը նկատելի բարելաւում արձանագրած է։
Յիշենք, որ նախօրօք, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ այցելեց Հալէպ նահանգի արեւելեան արուարձանի ելեկտրածին կայանը, ուր բացումը կատարեց կայանի վերանորոգուած 5-րդ ելեկտրածին բաժինին, որ Հալէպ նահանգին 200 մէկաուաթ տարողութեամբ ելեկտրականութիւն կը հայթայթէ։
Ներկայիս Հալէպ նահանգին աւելի երկար ժամեր ելեկտրականութիւն կը տրամադրուի։