Երեքշաբթի, 19 Յուլիս 2022-ին, սուրիական «Շամ Ուինկզ» օդանաւային ընկերութիւնը դիմատետրի իր պաշտօնական էջով յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը «Շամ Ուինկզ» ընկերութեան անունը ջնջեց պատժամիջոցներու ցանկէն։
Յիշենք, որ տարի մը առաջ, Եւրոպական Միութիւնը պատժամիջոցներ պարտադրեց Ընկերութեան վրայ, ամբաստանելով ընկերութիւնը Միջին Արեւելքէն գաղթականներ Պելառուս փոխադրելու յանցանքով։