ՈՒՂԵՂԻ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ
Յաճախ մեր ուղեղը լարուած վիճակի մէջ կը պահենք եւ փոխարէնը ոչինչով կը սնանենք ու կը հանգստացնենք զայն:
Ամբողջ օրը համակարգիչով կամ հեռաձայնով զբաղելէ ետք, պէտք չէ ակնկալել, որ ան շնորհակալութիւն յայտնէ մեզի: Առողջ ուղեղ մը ունենալու համար հարկ է բաւարար քնանալ, կանուխ արթննալ, երկու գաւաթ գաղջ ջուր խմել ու մարզանք ընել:
Ուղեղը կ’ատէ ծխախոտը, որովհետեւ ան վատ ազդեցութիւն կը ձգէ իր վրայ: Ան կ’ատէ նաեւ միսն ու ճարպը: Միսը ուղեղը չի սնուցաներ, այլ՝ մարմինը: Հետեւաբար պէտք է օգտագործել քիչ ճարպ կամ ջերմուժ պարունակող միսի տեսականի, ինչպէս՝ հաւն ու ձուկը: Ուղեղին համար վնասակար է նաեւ աղը: Սակայն ան կը սիրէ քաղցրեղէնը, մանաւանդ՝ տուրմն ու մեղրը:
Երկար աշխատանքէ ետք, երբ մեր ուղեղը ծանրաբեռնուի եւ յոգնի՝ կարելի է սուրճ խմել: Իսկ անոր լաւագոյն ընկերը ժպիտն է: Շատ օգտակար է ժպտիլը, յաճախակի ժպտիլը եւ մեր ունեցած պարզ ու ամենափոքր արժանիքներով ուրախանալը: Մարդոց հետ յարաբերութիւն մշակելը նոյնքան կարեւոր է ուղեղի առողջութեան համար: Միւս կողմէ նոր բաներ սորվիլը, գիրքեր կարդալը, զբօսնուլն ու ճամբորդելը առողջ ուղեղ ունենալու երաշխիքներն են:
Ուղեղի առողջութեան բացայայտումը մեր շարժումներն են: Եթէ կը շարժինք, ուրեմն առողջ ենք: Պարելն ալ լաւ ազդեցութիւն կը ձգէ ուղեղին վրայ, որովհետեւ ուղեղային տարբեր հիւանդութիւններ կը կանխարգիլէ:
Այնուամենայնիւ եթէ քնանալէ երկու ժամ առաջ հեռաձայնը մէկ կողմ դնենք, հաճելի գիրք մը ընթերցենք եւ լաւ ու հանգիստ քունի մը պատրաստուինք, որ առնուազն 6 ժամ տեւէ, ուղեղը կը մաքրուի:
Եկէք փորձենք ու շուտով պիտի նկատենք դրական փոփոխութիւններ:
***
ՕԳՏԱԿԱՐ ՀԱՄԵՄՆԵՐ
Մօտաւորապէս յիսուն հազար տարի առաջ, մարդիկ բոյսերն ու համեմները օգտագործած են ուտելիքներ պատրաստելու ընթացքին: Որոշ երկիրներ նոյնիսկ պատերազմներ մղած են անոնց համար, որովհետեւ անոնք ոսկիէն աւելի թանկարժէք ու կարեւոր են մեր առողջութեան համար: Անոնք ոչ միայն մեր ճաշերուն իւրայատուկ համ ու հոտ կու տան, այլեւ չափազանց օգտակար են: Ուրեմն, եկէ՛ք թուենք անոնցմէ քանի մը հատը:
Կասիա
Ըստ գիտական եւ բժշկական ուսումնասիրութիւններու, կասիան կարեւոր տեղ կը գրաւէ բորբոքումներու դէմ պայքարի եւ արեան ճարպերուն քանակը նուազեցնելու իմաստով: Անիկա դիւրաւ ճարպերը կը հալեցնէ եւ կ’օգնէ նիհար ու բարեձեւ մարմին ունենալու:
Քրքում
Ասիկա հնդկական ճաշատեսակներու իւրայատուկ համեմունքն է, որ կը պայքարի քաղցկեղի, սնկային հիւանդութիւններու, բորբոքումներու եւ մանրէներու դէմ:
Կոճապղպեղ 
Ասիկա հազարաւոր տարիներ առաջ օգտագործուած է ստամոքսային եւ աղիքային խանգարումները կարգաւորելու իբր բնական միջոց: Օգտակար է նաեւ յղութեան շրջանին ստամոքսը հանդարտեցնելու եւ վիրահատական գործողութիւններէն ետք ստամոքսային բարեկարգումը վերականգնելու համար:
Անիկա մարմինի շաքարին քանակը կը նուազեցնէ եւ արեան շրջանառութիւնը բնականոն կը դարձնէ: Այսպիսով ան մեզմէ կը հեռացնէ սրտանօթային հիւանդութիւններուն հաւանականութիւնը:
Պատրաստեց՝ Նուշիկ Սողոյեան-Առաքելեան