ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց հանրապետական բաժակի աւարտական մրցումին, Դամասկոսի «Սաուրա»-ն հերթական երկրորդ անգամ ըլլալով յաջողեցաւ տիրանալ ախոյեանութեան, պարտութեան մատնելով Ուահտէն՝ 57 – 52 արդիւնքով:
– Ասիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանական մրցումներուն, Սուրիոյ հաւաքականը շարունակելով իր ձախող արդիւնքները ծանր պարտութիւն մը եւս կրելով զիջեցաւ Նիւ Զելանտայի կազմին եւ 97 – 58 արդիւնքով պարտուեցաւ: Սոյն մրցաշարքին, Սուրիոյ հաւաքականը յաջողեցաւ արձանագրել միայն մէկ յաղթանակ, պարտութեան մատնելով Խազախստանը՝ 77/67 արդիւնքով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ԽԱՂԱՑՈՂԻՆ ՀԵՏ 
Ըստ Sport.es-ին, Սպանիոյ փոխախոյեան Պարսելոնան համաձայնութեան հասաւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի հաւաքականի եւ սպանական Սեւիլիայի 23-տարեկան պաշտպանողական խաղացող Ժիւլ Կունտէի հետ: Տեղափոխութիւնը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբաթ։ Քաթալոնէական ակումբը Կունտէի հետ պիտի ստորագրէ 4 տարուան պայմանագրութիւն։ Ֆութպոլիստը եւս փափաք ունի իր մարզական կեանքը շարունակելու Պարսելոնային հետ: Transfermarkt-ը Կունտէի փոխադրութեան արժէքը 60 միլիոն եւրօ յայտարարած է:
ՌՈՆԱԼՏՕՆ ՄՏԱԴԻՐ Է ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԻԼ ԱԹԼԵԹԻՔՕ ՄԱՏՐԻՏ 
Անգլիական Մանչեսթեր Իւնայթըտի 37-տարեկան փորթուկալցի յարձակող Քրիստիանօ Ռոնալտօն պատրաստ է տեղափոխուիլ Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ «Չեմպիընզ Լիկ»-ին: Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, Մանչեսթըր Իւնայթըտը համաձայն է մէկ տարուան վարձակալութեամբ առիթ տալ Ռոնալտոյին, եթէ ան երկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը մինչեւ 2024 թուական: Ըստ անգլիական «Mirror»-ին, Ռոնալտօ 2021-ին լքելով Իտալիոյ Իւվէնթուսը, միացաւ անգլիական խումբին, ստորագրելով երկու տարուան պայմանագրութիւն:
ԷՏԷՐ ՄԻԼԻԹԱՈՒՕ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ 
Սպանիոյ ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի գաւաթակիր Ռէալ Մատրիտը երկարաձգեց պրազիլցի պաշտպան Էտէր Միլիթաուոյի հետ պայմանագրութիւնը: Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ Յունիս 2028։ Միլիթաուոյի նախորդ պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2025։ Անոր տարեկան աշխատավարձը 3,5 միլիոն եւրոյէն դարձաւ 7 միլիոն եւրօ։
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան