ՀԱԼԷՊ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՀԻՆ ՋՐԱՆՑՔ ՄԸ
Հալէպ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հանդիսացած է մեծ, բազմամարդ եւ վաճառականական քաղաք մը: Շատ բնական է, որ այսքան բազմամարդ քաղաք մը զարգանալու համար կարիք ունէր  խմելու եւ գործածութեան համար բաւարար ջուրի:
Աւանդութեան համաձայն, Կոստանդիանոս կայսեր մօր՝ Հեղինէ Թագուհիին օրէն՝ Դ. դարէն ի վեր, Հալէպ օժտուած է ջրաբաշխական մեծ հիմնարկութեամբ մը: Կան նաեւ այլ կարծիքներ, թէ այս ջրանցքը հռոմէական տիրապետութեան շրջանին ծրագրուած եւ շինուած է:
Կ’ենթադրուի նաեւ, որ ջրաբաշխութիւնը քրիստոնէական շրջանի սկիզբը ապահովուած էր այժմու «Քանայէ»-ի ջրանցքին միջոցաւ, որ հակառակ քսան դարու կեանք ունենալուն, մինչեւ օրս կը բանի:
Նախապէս կը կարծուէր, թէ Հալէպ քաղաքը իր խմելու ջուրը կը ստանար  իր մէջէն անցնող Քուէյք գետէն: Իրականութեան մէջ Քուէյք գետին ջուրը կ’օգտագործուէր միայն պարտէզները ջրելու: Իսկ Հալէպ քաղաքը իր խմելու ջուրը  կը ստանար ջրանցքի մը միջոցաւ քաղաք բերուած քաղաքէն 12 քլմ. դէպի հիւսիս գտնուող Հէյլանի ակերէն, Քուէյքի ձախ ափին վրայ (Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայերը ամէն կիրակի եւ տօնական առիթներու Հէյլան կ’երթային զուարճանալու):
1918-էն ի վեր, երբ Թուրքիոյ սահմանը հասնող հողեր՝ Ազազէն անդին սկսան Քուէյքի ջուրերով ոռոգուիլ, Քուէյքի ջուրն ալ զգալիօրէն նուազեցաւ:
Հիւպատոս Լորանս  տ’Արվիէօ այս նշանաւոր ջրանցքին մասին գրած է.
«Քաղաքին տակէն սքանչելի ջուր մը կ’անցնի՝ որ բազմաթիւ հանրային աղբիւրներու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ տուներու մասնաւոր աղբիւրներուն ջուր կը հայթայթէ: Թուրքերը միայն այս ջրանցքը կը խնամեն: Անոնք առատ ջուր խմելու սովորութիւն ունենալով, լաւ ջուր ունենալու համար ո՛չ յոգնութիւն կը խնայեն, ո՛չ ալ դրամ: Այս ջրանցքը (canal), որ Հէյլանի գիւղ կու գայ երկուք ու կէս փարսախ հեռաւորութենէ մը, ասկէ զատ կը ծառայէ Քուէյք գետակէն երկու թեւերով հեռու գտնուող պարտէզները ոռոգելու»:
Այս ջրանցքը ծնունդ առնելով Հէյլանէն, կը հետեւի Քուէյքի հովիտին 12 քմ. երկայնութեան մը վրայ, զայն կ’ոռոգէ ու կը հասնի Հալէպ, ուր կը ճիւղաւորուի ջուր հայթայթելով մեծ բազմութեան:
Հետագային, Հալէպ արդիական ջրաբաշխական ցանցով մր օժտուելէ ետք, Քանայէի կարեւորութիւնը կը նուազի:
Բիւզանդական շրջանին Հալէպի պարիսպներէն ներս տարածուող ջրաբաշխ երակներու գոյութիւնը կը հաստատէ, որ արաբական արշաւանքէն առաջ Քանայէն գոյութիւն ունեցած է: Ծագումը պէտք է ըլլայ հռոմէացիներու Սուրիոյ գրաւումէն առաջ:
Փաստաթուղթեր կան, ըստ որոնց աւերակ դարձած ջրանցքը վերաշինած է Հալէպի այդ օրերու կառավարիչը՝ Ապտէլ Մէլիք իպն Մարուանը:
ԺԳ. րդ դարուն, Քանայի ջուրը մասամբ նուազած ըլլալով, ալ-Մելիք ազ-Զահէր ջրանցքի ամբողջական նորոգութեան կը ձեռնարկէ:
Ան Դամասկոսէն գործաւորներ բերել կու տայ եւ զանոնք անձամբ կը տանի Հէյլան, ջրանցքին ակը: Հոն կը հաստատէ, որ ակը կը հայթայթէ 160 մատնաչափ ջուր, մինչդեռ միայն 20 մատնաչափ ջուր կը հասնէր Հալէպ: Օրին կը հաստատուի, որ այսքան կարեւոր քանակութեամբ ջուր կրնար բաւարարել Հալէպի ճամբաները եւ փողոցները, տուները եւ բաղնիքները եւ նոյնիսկ կրնար աւելնալ պարտէզներու եւ երաշտ հողերու համար…… : Ջրանցքին վրայ կարծր քարեր հաստատելով կը ծածկեն զայն, բացի քանի մը տեղերէ, մաքրութեան համար: 58 օրուան մէջ ջրանցքը ամբողջապէս կը վերականգնի ու կը հասնի մինչեւ Հալէպի դռները:
Այդ օրերուն կը շինուին նաեւ աղբիւրներ  (քասթէլ), ուր կը հասնի ջուրը. այնպէս որ քաղաքին բոլոր տուները ջուր կ’ունենան: Տուներու մէջ ջրամբարներ ալ փորել կու տան:
Այն ժամանակ Քանայէին ջուրը միայն Հէյլանի ակերէն կու գար:
Ետքը Էմիր Սէյֆ ատտին Արկուն կը նախաձեռնէ մեծ ջրանցքի մը շինութեան, Այնթապի բարձրաւանդակին հիւսիսը: Սաճուրի ակերուն ջուրը կը հաւաքէ եւ 40  քլմ. երկարութեամբ ջրանցքով մը կը բերէ,կը հասցնէ Քուէյք գետ:  Սաճուրի ջուրը այսպիսով կը հասնի Հալէպ:
Սակայն 1544-ին երկրաշարժ մը կը քանդէ  ջրանցքը եւ Սաճուրի ջուրը այլեւս չի հոսիր դէպի Հալէպ: Դար մը ետք, Նաեւսան Աղա կը ձեռնարկէ Սաճուրի ջրանցքի նորոգութեան:
1723-ին ջրանցքէն միայն աւերակներ մնացած էին:
1883-ին անձրեւի անբաւարարութեան եւ ստորերկրեայ ջրերակներու ցամքելուն հետեւանքով, Հալէպի շրջանին մէջ աննախընթաց երաշտ մը կը տիրէ, ծառերն ու մշակութիւնները կը չորնան եւ ժողովուրդը ահռելի տագնապի կը մատնուի: Հանգանակութիւն մը կը բացուի, ուրկէ 211.000 արծաթ ղուրուշի գումարի մը գոյառումով Սաճուրի ջրանցքին շինութեան կը ձեռնարկուի: Ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ, թմբուկներով եւ սրինգներով կ’երթայ դէպի ջրանցք՝ ջուրին հասնիլը տեսնելու: Որքան մեծ կ’ըլլայ անոր յուսախաբութիւնը՝ երբ  սուրհանդակ մը կը յայտարարէ, որ ճամբաներու անհարթութեան  հետեւանքով կարելի չէր Սաճուրի ջուրը Քուէյք հասցնել:
Ուստի այդ օրերուն միայն Հէյլանի ակերը կը շարունակեն ջուր հայթայթել Հալէպին:
(Շարունակելի)
Պատրաստեց՝ Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան