ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Դամասկոսի մէջ կայացած Արեւմտեան Ասիոյ տղոց U18-ի ախոյեանական մրցաշարքին, Սուրիոյ հաւաքականը աւարտական մրցումին 59 – 85 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ՝ գրաւելով երկրորդ դիրքը: Սոյն  արդիւնքով Սուրիա իրաւունք ունեցաւ մաս կազմելու Ասիոյ ախոյեանական մրցումներուն:
-Սուրիոյ Փինկ Փոնկի աղջկանց հաւաքականը Յորդանանի մէջ տիրացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան, պարտութեան մատնելով իր բոլոր մրցակիցները՝ Սէուտական Արաբիան, Լիբանանը, Յորդանանն ու Քուէյթը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ Կ’ՈՒԶԷ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼ ՉԵԼՍԻԻ ԽԱՂԱՑՈՂԸ
Ըստ Defensa Central-ին Սպանիոյ ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի  գաւաթակիր Ռէալ Մատրիտ հետաքրքրուած է Լոնտոնի  Չելսիի եւ Գերմանիոյ հաւաքականի 26-ամեայ յարձակողական խաղացող Թիմօ Վերների ծառայութիւններով: Թիմոյի ծառայութիւններով հետաքրքրուած են նաեւ Իտալիոյ Իւվենթուսն  ու Լոնտոնի  Արսենալը: Ըստ փոխանցուած լուրերուն, Վերներ փափաք ունի  փոխել ակումբը, սակայն Չելսիի պատասխանատուները յոյս ունին մէկ տարի եւս պահել զինք լոնտոնեան ակումբին մէջ: Թիմօ Վերներ 2020-ին  գերմանական  ՌՊ Լայփցիքի կազմէն  տեղափոխուեցաւ Չելսի. Չելսիի հետ ան մաս կազմեց 37 հանդիպումներու, նշանակեց 11 կոլ:
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ԴԱՐՁԱՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ՍՈՒՓԸՐ ԳԱՒԱԹԱԿԻՐ
Անգլիոյ Լիվըրփուլը իր պատմութեան մէջ 16-րդ անգամ ըլլալով յաջողեցաւ նուաճել Անգլիոյ Սուփըր գաւաթը: Լեսթեր Սիթիի «King Power» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած հանդիպումին, Լիվըրփուլ 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մրցակից Մանչեսթըր Սիթին: Գաւաթակիր եւ փոխախոյեան  Լիվըրփուլ 21-րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կոլը  Թրենթ Ալեքսանդր-Առնոլտի միջոցաւ։ Անոր կոլային փոխանցումը կատարեց եգիպտացի խաղացող Մուհամէտ Սալահը։ 70-րդ վայրկեանին հաւասարութեան կոլը նշանակեց Սիթիի  նորեկ արժանթինցի խաղացող Խուլիան Ալվարէս։ 83-րդ վայրկեանին եգիպտացի Սալահ տուգանային հարուածով նշանակեց խումբին երկրորդ կոլը: Հանդիպումի յաւելեալ վայրկեաններուն, Տարուին Նոնիս յաջողեցաւ երրորդ կոլը՝ յաղթանակը, նուիրել Կլոփի գլխաւորած կազմին եւ դառնալ Անգլիոյ Սուփըր գաւաթակիր:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան