Երկուշաբթի, 22 Օգոստոս 2022-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2022-ի «14» թուակիր սահմանադրական հրամանագիրը, որուն համաձայն 100. 000 ս.ո. նուէր գումար կը յատկացուի Սուրիոյ պետական պաշտօնեաներուն։
 
Հրամանագիրին մէջ ներառուած են նաեւ հանգստեան կոչուած պաշտօնեաները, զինուորական ծառայողները, ինչպէս նաեւ ժամական դդութեամբ աշխատող պաշտօնեաները։
 
Յիշենք, որ այս գումարը կը յատկացուի մասամբ օժանդակելու երկրի տնտեսական ծանր պայմաններուն եւ սղաճին ի տես դժուար պայմաններու մէջ ապրող աշխատող տարրին։