Հայաստանին ուղղուած ցաւակցական իր ուղերձին մէջ ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար Հելկա Շմիթ յայտնած է, որ սգոյ այս օրերուն կը միանայ համայն հայութեան կը յիշէ անոնց, որոնք զոհուած են Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պայթումին հետեւանքով։ Այս մասին «Իմ անկեղծ ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ անոնց, որոնք կորսնցուցած են իրենց հարազատները, իսկ վիրաւորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում», գրած է ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղարը։