Թուրքմենիստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետով Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պայթումին առիթով ցաւակցական հեռագիր յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Հեռագիրին մէջ ըսուած է. «Կը յայտնեմ իմ խորին ցաւակցութիւնները Երեւան քաղաքի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթյումին հետեւանքով մարդկային զոհերու եւ տուժածներուն համար: Այս դժուար պահուն Թուրքմենիստանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան անունով, ինչպէս նաեւ անձամբ իմ անունով կը խնդրեմ փոխանցեցէք կարեկցանքի եւ զօրակցութեան խօսքերը զոհուածներու հարազատներուն ու մտերիմներուն եւ շուտափոյթ ապաքինման անկեղծ մաղթանքները բոլոր տուժածներուն», ըսուած է ուղերձին մէջ: