«Էրմէնիհապէր»- Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան մեկնաբանած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: Թրքական լրատուամիջոցները չեն հրապարակած այդ պաշտօնեային անուն-մականունը:
Նշելով, որ Հայաստանի ու Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները համաձայնած են կարգաւորման գործընթացը առաջ մղել քայլ առ քայլ՝ պաշտօնեան ըսած է. «Ներկայիս հայ-թրքական յարաբերութիւններուն իրավիճակը ցանկալի պատկերը չէ, եւ անհրաժեշտ է ջանքեր գործադրել, որպէսզի ան վերածուի ցանկալիի»:
Ըստ յիշեալ պաշտօնեային, երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները կ’աշխատին վստահութեան ամրապնդման միջոցներ գտնելու: Անդրադառնալով օդային բեռնափոխադրումներու իրականացումին, ան դիտել տուած է, որ 2 երկիրներու իշխանութիւնները քննարկելու բազմաթիւ թեքնիք մանրամասնութիւններ ունին:
Ձմեռնային պայմաններու մէջ անցակէտերու ենթակառոյցներու վերականգնումի աշխատանքներուն առնչուող առկայ դժուարութիւններուն անդրադառնալով ան ըսած է.
«Անիի աւերակներու պատմական Մետաքսի ճանապարհի կամուրջին մէկ ոտքը կը գտնուի Հայաստան, միւս ոտքը` Թուրքիա. ան քանդուած է ռուս զինուորներու կողմէ 1877-1878 տարիներու պատերազմի ատեն:
Անոր վերանորոգումը վստահութեան բարձրացման միտուած շատ լուրջ քայլ կրնայ  ըլլալ: Այս բոլորին իրականացման համար պէտք է կլիման յարմար ըլլայ: Ձմրան ամիսներուն նման բան կարելի չէ նախաձեռնել»:
Պաշտօնեան յայտնած է նաեւ, որ Թուրքիոյ նպատակը ոչ միայն Թուրքիա,- Հայաստան կամ Ատրպէյճան,- Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումն է, այլեւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումը:
Անդրադառնալով այժմ Վրաստանի տարածքով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ իրականացուող առեւտուրի հանգամանքին՝ ան դիտել տուած է, որ առեւտուրի ուղիղ իրականացումը Հայաստանի տնտեսութեան վրայ դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ.
«Մենք Հայաստանի հետ ունինք տարեկան շուրջ 230 միլիոն տոլարի առեւտուր: Այդ առեւտուրը կ’իրականանայ Վրաստանով մօտ 15 հազար բեռնատարով: Կը կարծեմ, որ պէտք է հաշուի առնել, թէ առեւտուրի ուղիղ իրականացումը դրական ինչ ազդեցութիւն կ’ունենայ Հայաստանի տնտեսական կեանքին վրայ,  հետեւաբար Հայաստան պէտք է աւելի կառուցողական դիրքորոշում որդեգրէ:
Թուրքիոյ համար 230 միլիոն տոլարը շատ մեծ գումար չէ, չեմ գիտեր թէ ատիկա մեր արտաքին առեւտուրի քանի օրուան կը համապատասխանէ, բայց ի վերջոյ սահմանէն այն կողմ Երեւանն է՝ 1 միլիոնէ աւելի բնակչութեամբ, Աքեաքայի դիմաց ալ Կիւմրին է: Եթէ 2 կողմերն ալ, անհրաժեշտ ճկունութիւն ցուցաբերեն եւ կարենան ապահովել յարաբերութիւններու դրական զարգացում, ինչ որ երկու կողմերուն համար ալ շահաւէտ կ’ըլլայ»:
Նշելով, որ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացումը կրնայ նոր այլընտրանքներ ստեղծել տարածաշրջանի  կապուղիներուն իմաստով, պաշտօնեան ըսած է, որ անոր յաջող արդիւնքը դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ նաեւ Թուրքիոյ վրայ:
Ըստ թուրք պաշտօնեային, Թուրքիա կը պնդէ, որ յաջորդ բանակցութիւնները տեղի ունենան Հայաստան, կամ Թուրքիա: Երրորդ երկրի մէջ հանդիպիլը անիմաստ է:
Ըստ անոր, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը շատ աւելին է, քան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին նկատմամբ՝ նկատի ունենալով այն դրական ազդեցութիւնը, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կ’ունենան տարածաշրջանին վրայ:
Հայկական Սփիւռքի դերակատարութեան անդրադառնալով պաշտօնեան ըսած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ընդդիմացողը  հայկական Սփիւռքն է, սակայն հայկական Սփիւռքը միատարր կառոյց չէ, եւ Սփիւռքի մէջ Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացին հակառակորդները պէտք չէ հանդէս գան ողջ Սփիւռքին անունով:
Ամփոփելով իր տեսակէտները՝ թուրք պաշտօնեան շեշտած է, որ Ռուսիա նոյնպէս կ’աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: