Համազգայինը հայ ազգի կրթական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման առաքելութեան առընթեր, կը պահպանէ նաեւ անոր բարքերը` աւանդութիւններն ու սովորութիւնները եւ զանոնք կը փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն։
 
Արդարեւ, Համազգայինի «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, հայկական աւանդոյթներու պահպանման շրջագիծին մէջ,
կազմակերպեց Ս.Աստուածածնայ Տօնին նուիրուած մտերմիկ հանդիպում մը Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ահարոնեան» կեդրոնի շրջափակէն ներս։
 
Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Շողիկ Սարգիսեան։
Ան ըսաւ. «Այսօր համախմբուած ենք «Ահարոնեան» կեդրոնի այս համեստ յարկէն ներս, միասնաբար յիշատակելու հայ ժողովուրդի ծիսական եւ աւանդական գեղեցիկ տօներէն մին:
 
Վերափոխումն Ս.Աստուածածնայ տօնը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն չորրորդն է: Աստուածամօր մահուընէ ետք, անոր մարմինով երկինք փոխադրուելուն յիշատակն է, որ կը կատարուի Օգոստոս 15 -ի մօտ Կիրակին, որ այս տարի կը զուգադիպի Օգոստոս 14-ին։
Աստուածածնի տօնին կը կատարուի նաեւ խաղողօրհնէք: Անիկա կը յիշեցնէ հեթանոսական շրջանէն եկած սովորութիւն մը` բերքի երեխայրիքը նուիրել աստուածներուն:
 
Հայերը սովորութիւն ունէին Նաւասարդի տօնակատարութեան բերքի եւ արեւշատութեան դիցուհիին` Անահիտին ընծայ տանիլ միրգեր: Քրիստոնէական շրջանին նախապատուութիւնը տուին խաղողին, որ կ’օրհնուի եկեղեցւոյ մէջ Ս.եւ Անմահ Պատարագի վերջաւորութեան»։
Ան ներկայացուց նաեւ հայկական ազգային կերակրատեսակ համարուող Հարիսայի պատմութիւնն ու անուան ծագումը։
 
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որուն նուէրները տրամադրուած էին նուիրատուներու կողմէ։
Օրուան բախտաւորը ստացաւ արծաթեայ մանեակ մը։
 
Այնուհետեւ երեկոն սիրայօժար ճոխացուց գաղութի հարազատ զաւակ Մարտօ Գաթըգլեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ հալէպէն ժամանած Ներսէս Թօփճեանի։
 
Ներկաները հայկական երգերու եւ պարերգերու ընկերակցութեամբ պարեցին ու շուրջպար բռնեցին, ապրելով տոհմիկ ու ջերմ մթնոլորտ. անոնք բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան իրարմէ՝ դարձեալ հանդիպելու խոստումով։