Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան Հասիչէ մեկնեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան շնորհաւորական այցելութիւն տալու Հասիչէի նորանշանակ նահանգապետ տոքթ. Լուէյ Սապուհին։ Հայր սուրբին ընկերակցեցան պատկան մարմնի, Գամիշլիի եւ Հասիչէի թաղականութեան եւ հոգաբարձութեան անդամներ եւ ազգայիններ։ Նահանգապետը ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորեց հոգեշնորհ հայր սուրբն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը նահանգապետարանի պատուոյ սրահէն ներս։ Հայր սուրբը նախ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի շնորհաւորանքն ու յառաջիկայ գործունէութեան յաջող երթի մաղթանքները փոխանցեց, ապա յայտնեց Ճեզիրէի շրջանի հայ գաղութի պատրաստակամութիւնը միշտ զօրավիգ կանգնելու պետականութեան եւ ճիգ չխնայելու գաղութի բարգաւաճման եւ վերականգնումի աշխատանքին՝ վսեմաշուք նախագահ Պաշար Ալ Ասատի առաջնորդութեամբ։
 
Նահանգապետը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար, շեշտելով հայութեան անսակարկ նուիրումը եւ սուրիական հայրենիքին համար զոհողութիւնն ու տածած հաւատարմութիւնը։ Այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան կրթական, մշակութային եւ երկկողմանի հետաքրքրութեան արժանի զանազան հարցեր։
Նշենք որ հոգեշնորհ հայր սուրբը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին նաեւ Հասիչէի «Պաաս» կուսակցապետ Թրքի Ազիզ Հասանին, իսկ Հասիչէի կրթական տնօրէն Իլհամ Սարուխանը տեսնուեցաւ հոգեշնորհ հայր սուրբին հետ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս։
 
Բժշկհ. Մարի Մելքոն