“Էրմէնիհապեր”._Թուրքիոյ մէջ ուսումնավարժանքներ կատարուած են՝ Մեծամօրի աթոմակայանի (ԱԷԿ) կարելի վթարի հաւանականութեամբ։
 
Ըստ Թուրքիոյ պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան, Կարս նահանգի Արտակարգ Իրավիճակներու Վարչութեան (AFAD) եւ շարք մը այլ կառոյցներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած են ուսումնական վարժանքներ՝ ՀՀ տարածքին եւ Թուրքիոյ սահմանէն 16 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Մեծամօրի ԱԷԿ-ի կարելի քիմիական, կենսոլորտային, ռատիոլոկիական և միջուկային արտահոսքի պարագային:
 
Ուսումնավարժանքներու ծրագիրին համաձայն, Մեծամօրի աթոմակայանի մօտ տեղի ունեցած է 7 բալանոց երկրաշարժ, որուն հետեւանքով արտահոսք տեղի ունեցած է եւ տուժած է սահմանին գտնուող Ասլահանէ, Քալաքքալէ և Քիւչուք Աքյուզում գիւղերու 20 բնակիչ: