Այս օրերուն, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախի Հանրապետութիւնը անվտանգային լրջագոյն մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, երբ աշխարհաքաղաքական զարգացումներն ու տարածաշրջանային լարուածութիւնը ամէն պահ լի են նոր, անկանխատեսելի սպառնալիքներով, երկրի անվտանգութիւնը ամրապնդելու, ՀՀ Զինեալ ուժերը վերակազմաւորելու, համակարգային բարեփոխումներ իրականացնելու, Հայոց բանակի եւ հայ ժողովուրդի մարտական ոգին վերականգնելու փոխարէն, Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հերթական նախաձեռնութեամբ փոշիացնել եղած ներուժը։
 
Իշխանութիւններու կողմէն հանրային քննարկումին ներկայացուած «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի մէջ փոփոխութիւններ և լրացումներ կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծը հեռուն գացող ծանր հարուած է երկրի անվտանգային միասնական համակարգին, հանրային համերաշխութեան, Հայրենիքի նկատմամբ համաժողովրդական նուիրուածութիւն ու մեզի համար կենսական «Ազգ-բանակ» գաղափարին։
 
Իրականութեան մէջ այս մեր մեծագոյն ձեռքբերումներէն մէկուն՝ Արցախեան Ազատամարով, հազարաւոր հայ նուիրեալներու կեանքի եւ համազգային նուիրումի գնով կեանքի կոչուած՝ համաժողովրդական Բանակի գաղափարի մերժումն է, մեր պետականութեան հեռանկարը կասկածի դնող քայլ։
 
Ըստ էութեան, խոշոր գումարի դիմաց կը վերացուի է ՀՀ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած պարտադիր զինուորական ծառայութեան համակարգը, ա՛լ աւելի թուլացնելով 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած հանրային եւ պետական դիմադրողականութիւնը։ Մեր ազգային եւ պետական շահերուն հակասող սոյն հակասահմանադրական նախագիծով իշխանութիւնները պիտի խորացնեն ներազգային պառակտումն ու ընկերային բեւեռուածութիւնը, երկրի մէջ ձեւաւորելով ոչ հաւասար իրաւունքներով եւ պարտականութիւններով հանրային շերտեր։
 
Արձանարգելով, որ փաստարկուած ներկայացուցած են եւ պիտի շարունակեն բարձրաձայնել այս նախաձեռնութեան վտանգաւորութիւնը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը վերահաստատէ իր աներկբայ վերաբերմունքը Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր ՀՀ զինեալ ուժերու համաժողովրդական, բոլորին համար պարտադիր զինապարտութեամբ համակարգի պահպանման հարցով։
 
Կոչ կ’ուղղենք հանրային լայն շրջանակներուն, մեր ողջ հասարակութեան ընդդիմանալ երկիրը հետևշեւողականօրէն կազմաքանդման տանող այս իշխանութիւններուն, անոնց ապազգային նախաձեռնութիւններուն,
թոյլ չտալ երկիրը զրկել պաշտպանութեան, իսկ անոր քաղաքացիներուն սեփական Հայրենիքի մէջ արժանապատիւ, անվտանգ եւ խաղաղ ապրելու հեռանկարով։
 
Միասին կրնա՛նք։
 
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
 
26․08․2022 թ.