Համաշխարհային սկաուտութեան հիմնադիր Լորտ Պէյտն Փաուլ կ’ըսէ. «Բանակումի ընթացքին սկաուտին շահած փորձառութիւնը կը համապատասխանէ ժողովասրահներու մէջ տեղի ունեցած վեց ամսուան տեսական ուսուցումներուն»։ Այս սկզբունքէն մեկնելով տարեկան բանակումը դարձած է սկաուտութեան հետապնդած կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը։
ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդը այս տարի եւս կազմակերպեց իր տարեկան բանակումը, որ տեղի ունեցաւ 7-14 Օգոստոս 2022-ին, ՀՄԸՄ-ի բանակավայրէն ներս։ Մասնաճիւղի սկաուտական կազմը, Գայլ-Արծուիկ միաւորի Կարմիր վոհմակ երամը, ինչպէս նաեւ փողերախումբը 160 քոյր-եղբայրներով իրենց մասնակցութիւնը բերին այս անմոռանալի բանակումին։
 Բանակումը կը կոչուէր «Մանուէլ Հալլաճեան» բանակում, որուն ընդհանուր պատասխանատուն էր մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Կիրակոս Գարամանեան։
 Սկաուտները եօթը օր ապրեցան հայաշունչ Քեսապի կախարդական բնութեան ծոցը եւ հաւատալով հաւաքական աշխատանքի անհրաժեշտութեան՝ կիրարկեցին զանազան դաստիարակչական եւ գործնական ծրագիրներ։
Երկուշաբթի առաւօտեան անոնք ժամանեցին բանակավայր եւ անմիջապէս անցան ժրաջան աշխատանքի։ Ոմանք վրաններ լարեցին, ուրիշներ գոյքերը դասաւորեցին եւ այսպիսով ընթացք առաւ բանակումի յայտագիրը։
Սկաուտները բաժնուեցան ութը խումբերու, որոնք կը կրէին ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր սերունդի անունները. «Վահրամ Փափազեան», «Գրիգոր Մերճանոֆ», «Գարլօ Շահինեան», «Լեւոն Յակոբեան», «Տիգրան Խոյեան», «Յ. Ճոլոլեան», «Հայկ Ճիզմէճեան» եւ «Վահան Չերազ»։
Յատկանշական էր այս տարուան բանակավայրի գեղեցիկ յարդարումը եւ մանաւանդ կեդրոնը կանգնած կայմը, որուն պատրաստութեան համար մասնաճիւղի նախկին խմբապետը՝ եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեանը հոյակապ աշխատանք տարած էր։
Խոհարարին պատրաստած ճաշերն ալ համեղ էին: Ան ջանք չխնայեց բանակողներուն հրամցնելու ախորժաբեր կերակուրներ եւ գոհացնելու բոլորին ճաշակը:
Բանակումի առաջին օրը՝ Երկուշաբթի, 8 Օգոստոս 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան բանակավայր այցելեց։ Սրբազան հօր ընկերակցեցան Հոգշ. Հայր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանը եւ Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանը։
Սրբազան Հայրը ջերմ ընդունելութիւն գտաւ սկաուտներուն կողմէ, որոնք փողերախումբի ընկերակցութեամբ «պատուի առ»-ով դիմաւորեցին զինք։ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան բարի գալուստ մաղթեց սկաուտներուն, ապա հրաւիրեց Սրբազան Հայրը փոխանցելու իր պատգամը։
Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղղեց սկաուտներուն եւ ըսաւ.«Ամէն տարի Քեսապ կու գաք վայելելու այս գեղեցիկ բնութիւնը եւ ապրելու եղբայրական ու ընկերային գեղեցիկ պահեր։ Երիտասարդի մը նկարագրի կազմաւորման համար, ուսման կողքին, շատ կարեւոր է ընկերային կեանքի փորձառութիւնը եւ այսօր դուք այդ մէկը կը պարտիք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին, որ ձեզ այստեղ համախմբեց, որպէսզի ձեր մէջ զարգանան եղբայրասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնը եւ ազգային արժէքները։ Դուք հայ ազգին փոքրիկ բանակն էք եւ ձեր կամքի ուժով այս միութեան մէջ պիտի շարունակէք ձեր աննահանջ երթը»:
Ան դիտել տուաւ, որ բանակումը ոչ միայն առիթ կ’ընծայէ անհատին հաւաքական կեանք մը ապրելու, այլեւ անիկա լաւագոյն միջոցն է ապագայի ղեկավարներ պատրաստելու։ Ապա յայտնեց, որ ինք հպարտ կը զգայ երբ ՀՄԸՄ-ականները միակամ կը տեսնէ, որովհետեւ Սփիւռքի ուժը կը կայանայ իր միութեան մէջ։
Աւարտին Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ դրօշակի արարողութեան։ Ան բարի կեցութիւն մաղթեց սկաուտներուն եւ օրհնեց բանակավայրն ու բոլոր բանակողները։
Յաջորդող օրերուն յայտագիրը ընդգրկեց հետախուզական արշաւ դէպի «Չալմա» լեռ, դասախօսութիւններ, երգի ուսուցում, ռալլի, հարց-պատասխանի մրցում եւ ձեռային աշխատանքներ։
Իւրաքանչիւր գիշեր տեղի ունեցան հաճելի խրախճանքներ, որոնց ընթացքին սկաուտները խարոյկին շուրջ համախմբուած երգեցին ազգային եւ հայրենասիրական երգեր։
Այս բոլորին կողքին, փողերախումբը, որ կը բաղկանար 33 անդամներէ, բանակումի ընթացքին շարունակեց իր հերթական փորձերը եւ իր հմայիչ կատարողութեամբ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց բանակավայրէն ներս:
Բանակումի հիւր դասախօսն էր եղբ. Յարութ Լնդեան։ Ան սկաուտներուն ներկայացուց «Ինչպէ՞ս Ծառայել Ազգին ու Հայրենիքին» խորագիրով դասախօսութիւն մը, որուն աւարտին պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։
Սկաուտները նաեւ արշաւեցին դէպի Քեսապի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցի։ Այնտեղ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հոգշ. Տ. Անդրանիկ Քիւրիւմեան սկաուտներուն փոխանցեց Ս. Աստուածածնայ եւ Վերափոխման տօնին խորհուրդը։
Բանակումի ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան բանակավայր այցելեց։ Անոր ընկերակցեցան Հալէպի Վարչութեան անդամներ եղբ. Ալեքսան Պալեան եւ եղբ. Կարօ Ապաճեան։
Եղբ. Մանուկ շնորհաւորեց քոյրերն ու եղբայրները համաշխարհային սկաուտութեան 115-րդ ամեակին եւ հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան 110-րդ ամեակին առիթով: Ան ըսաւ, որ հայ պատանին սկաուտութեան ընդմէջէն կը սորվի ազգասիրութիւն, հայրենասիրութիւն եւ կը թրծուի ՀՄԸՄ-ի շունչով։ Ապա յայտնեց, որ Բանակումները սկաուտական կեանքի կենդանի պատկերներն են եւ անոնք առիթ կ’ընծայեն սկաուտին գործնական կերպով կիրարկելու ամբողջ տարուան ընթացքին իր ստացած գիտելիքները։ Աւարտին, ան բարձր գնահատեց Սկաուտ Խորհուրդին աշխատանքը, ապա իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց սկաուտներուն։
Շաբաթ երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի սկաուտներն ու փողերախումբը իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարարին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին հովանաւորութեամբ  Քեսապի մէջ տեղի ունեցած զբօսաշրջութեան փառատօնին։
Իսկ Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ին, սկաուտները ներկայ գտնուեցան Քեսապի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցի, ուր յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ Խաղողօրհնէք, ապա հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով տեղի ունեցաւ  սկաուտական աւանդական տողանցք, մասնակցութեամբ՝ Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի  մասնաճիւղերու փողերախումբերուն եւ սկաուտական կազմերուն։
Կիրակի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, մեծ շուքով տեղի ունեցաւ  խարուկահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Հայր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, Քեսապի ու Շրջակայից Հոգեւոր Տեսուչ հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան, Արժ.Տ. Արշակ Աւագ Քհնյ. Ալաճաճեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան, Պատկան Մարմինի, Ազգային Վարչութեան եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ Խորհուրդն ու Խմբապետութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամներ, հալէպահայ միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հրաւիրեալներ:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը  բանակավայրէն ներս հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Հայաստանի եւ Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը: Օրուան բեմավարներն էին Արի-Արենոյշ միաւորի փոխպատասխանատու փոխխմբապետ եղբ. Ժիրայր Կարապետեան ու Մոկլի միաւորի պատասխանատու փոխխմբապետ քոյր Սարին Էմմանեան։
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց երէց-պարման միաւորի փոխպատասխանատու փոխ-խմբապետ եղբ. Սարգիս Չալօղլեան, ապա հայերէն բացման խօսք՝ Սկաուտ Խորհուրդի ատենապետուհի քոյր Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան։ Ան յայտնեց, թէ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի  սկաուտները 160 անդամներով հաւաքուեցան այս վրաններուն տակ՝ սկաուտական ոգիով գործելու, դաստիարակուելու եւ ՀՄԸՄ-ի պանծալի դրօշին ու հմայիչ «Բարձրացի՛ր Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին ներքոյ համախմբելու ազգասէր եւ օրինապահ հայ երիտասարդներու երկսեռ բանակ մը, որ «Միշտ Պատրաստ» է  միութեանս դրօշը բարձր պահելու։
Սկաուտները եռագոյն դրօշներով ներկայացուցին բացման պատկեր եւ ջահերով վառեցին խարոյկը, ապա անոնք հանդէս եկան փունջ մը ՀՄԸՄ-ական եւ ազգային երգերով։ Յայտագիրը յաջորդաբար ընդգրկեց չափական մարզանք, գաւազանով մարզանք, հայկական եւ արաբական պարեր։ Երէց-պարման միաւորը ներկայացուց կարգապահական հրահանգներ։
Օրուան բեմավարը հրաւիրեց Հալէպի Վարչութեան ներկայացուցիչ Եղբ. Ալեքսան Պալեանը փոխանցելու վարչութեան խօսքը։
Խարուկահանդէսի աւարտին Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ներկաները Ս. Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով։ Ան իր խօսքը ուղղեց գայլիկներուն եւ սկաուտներուն ըսելով, թէ այս բանակումը հրաւէր մըն է իրենց ուխտը նորոգելու եւ հաւատարիմ մնալու հայ եկեղեցւոյ, հայոց լեզուին եւ հայ մշակոյթին։ Ապա ան կոչ ուղղեց բոլոր ներկաներուն, որ քաջալերեն իրենց զաւակները անդամակցելու ՀՄԸՄ-ի շարքերուն, որպէսզի այնտեղ փոքր տարիքէն անոնք ստանան հայեցի դաստիարակութիւն՝ կառչած մնալով մեր ազգային արժէքներուն։
Խարուկահանդէսէն ետք, սկաուտները շրջանակ մը կազմելով երգեցին «Հրաժեշտի Երգ»-ը յաջորդ տարի նոյն բանակավայրէն ներս դարձեալ հանդիպելու յոյսով։
Սկաուտ Խորհուրդը այս տարուան բանակումի յաջողութիւնը կը պարտի մասնաճիւղի աստիճանաւորական եւ խմբապետական կազմերուն, որոնք տիւ ու գիշեր ժրաջան աշխատանքով կրցան իրագործել սոյն բանակումը։ Տեղին է յիշել նաեւ, որ Երէց-Պարման միաւորի քոյրերն ու եղբայրները իրենց յատկանշական ներդրումը բերին այս բանակումին։ Վստահ ենք, որ անոնք ՀՄԸՄ-ի դրօշը բարձր պահած պիտի շարունակեն «կամաւոր բանակ»-ին երթը։
Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան