ԺԹ.
 
Փոխան խունկի, մոմի եւ գեղեցկագոյն ծաղկեփունջերու, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին նուիրուած յուշագրութիւններուս շարքը կ՚աւարտեմ սրտի հարազատ խօսքով՝ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած 1962-1966-ի Հալէպի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբի հերոս եղբայրներուս յիշատակին:
 
Անզուգակա՛ն եղբայրներ,
տարիներ շարունակ միասին գործեցինք ՀՄԸՄ-ի դպրոցի յարկին տակ, հոն ստացանք մարդկային ու ազգային, բարոյական խիստ կարեւոր դասեր, գիտելիքներ, եւ մեր մէջ կազմուեցաւ ճշմարիտ, յանձնառու հայ մարդը։
Հաւատարմութեամբ, բարձր գիտակցութեամբ եւ բծախնդրութեամբ ըմբոշխնեցիք մեզի հրամցուած բոլոր դասերը եւ կեանքի կոչեցինք մարզական գիտելիքները, մեր ունեցած ձիրքերն ու հմտութիւնը եւ մեծապէս նպաստեցինք ՀՄԸՄ-ի հզօրացման, վերելքին ու նուաճումներուն:
Անսակարկ նուիրումով, հաստատ կամքով եւ ՀՄԸՄ-ի ազնիւ նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր»-ին հանդէպ ունեցած Ձեր կուռ հաւատքով անկարելին կարելիի վերածեցիք եւ մեծապէս սատարեցիք Ձեր պաշտած ՀՄԸՄ-ի բազում յաղթանակներուն, նուաճումներուն եւ փառաւոր ախոյեանութիւններուն։
 
Դուք ոսկեայ տառերով շարունակեցիք գեղեցկացնել ՀՄԸՄ-ի պատմութեան էջերը, միեւնոյն ատեն ՀՄԸՄ-ի համայն ընտանիքին եւ ողջ հայութեան հրամցնել այնպիսի գեղեցիկ առիթներ, հոգեկան գոհունակութեան, հպարտութեան պահեր, որոնք դաջուեցան հալէպահայութեան յիշողութեան մէջ եւ օրինակ ծառայեցին երիտասարդութեան:
 
Մենք միասին ապրեցանք տաք ու պաղ օրեր, ուրախ եւ տխուր պահեր, սակայն չ՚ընկրկեցանք եւ շնորհիւ այս հսկայ ամրոցին, յաջողեցանք պատուաբեր նուաճումներու կողքին, իրականացնել պատմական անմոռանալի երկու ախոյեանութիւններ՝ 1962-ի Սուրիոյ Նախագահական առաջին ախոյեանութիւնը եւ 1965-ի դարձեալ Սուրիոյ «Մումթազ» դասակարգի առաջին ախոյեանութիւնն ու բաժակի տիրացումը:
Դուք, սիրելի՛ եղբայրներ, բարձր գնահատանքով եւ բացառիկ յաջողութեամբ շրջանաւարտ դարձաք ՀՄԸՄ-ի հսկայ դպրոցէն, արժանանալով ՀՄԸՄ-ականի տիպար տիտղոսին:
Ձեդ վարձքը կատա՛ր, անմա՛հ եղբայրներ։ Սէր, յարգանք, եւ երախտագիտութիւն բոլորիդ՝ ձեր ազգանուէր ծառայութեան համար:
Կ՛աղօթենք առ Աստուած խնդրելով որ Ձեզ երկնքի արքայութեան արժանացնէ, եւ հոն՝դրախտային աշխարհին մէջ, խաղաղ ու հանգիստ ննջէք:
 
Վերջ
Ճորճ Ռաստկելէնեան