Արցախի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը անգամ մը եւս տեղեկացուցած է, որ Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող միջպետական մայրուղիի Բերձորի միջանցք բաժինը պիտի գործէ մինչեւ 31 Օգոստոսը ներառեալ։
 
Նշուած ժամանակաշրջանին քաղաքացիներուն ազատ տեղաշարժն ու անվտանգ ելքն ու մուտքը պիտի ապահովեն ռուս խաղաղապահները: