ԵՐԿՈՒ ՆՊԱՏԱԿ
Սփիւռքի պահպանումն ու զարգացումը, բարգաւաճումը ունին երկու հիմնական նպատակ: Առաջինը՝ իւրաքանչիւրին ինքնաբաւութեան, գոյութեան պահպանման ու զարգացման, բարելաւման (հայկականութեան հետ կապի իմաստով) հրամայականն է, իսկ երկրորդը՝ մայր հայրենիքին ու ազգի տարբեր կարիքներուն, պահանջներուն հասնիլը:
Կար ժամանակ, եւ ատիկա՝ Ցեղասպանութեան յաջորդող քանի մը տասնամեակներն էին, մինչեւ անցեալ դարու 40-ականներու երկրորդ կիսուն եւ աւելի ուշ կազմակերպուած՝ ծաւալուն ու սահմանափակ ներգաղթները, երբ հայութեան մէջ տիրապետող էր այն մտածողութիւնը, թէ Սփիւռքը ինքնանպատակ գոյութիւն չէ, Սփիւռքի հայուն գոյութիւնն ու վախճանական նպատակը՝ Մայր Հայրենիքն է, վերադառնալ գրաւեալ հողեր, հաստատուիլ այսօր Հայաստան կոչուած հողամասին վրայ, հոգ չէ թէ անիկա ամբողջական Հայաստանին մէկ փոքր մասնիկն էր:
Յետոյ, եւ մի՛շտ ալ սփիւռքեան կեանքին ապրած զարգացումներուն պատճառով (բացասական կամ դրական որակում չտանք այդ զարգացումներուն), հետզհետէ կազմաւորուեցաւ նոր մտածողութիւն, թէ՝ Սփիւռքը ունի երկու նպատակ. նախ՝ հասնիլ հայրենիքին, աչքերը սեւեռած պահել անոր, սակայն նաեւ վախճանական այդ նպատակին հասնելու ճամբուն վրայ, Սփիւռքը ընդունիլ իբրեւ ապրող ու կենսական միաւոր (դարձեալ չմտնենք այն մանրամասնութեան մէջ, թէ Սփիւռքը ինչո՞ւ կարելի չէ մէկ միաւոր նկատել, այլ բազմաթիւ միաւորներու գումար մը), Սփիւռք մը՝ որ պէտք է ինքն իրեն ու հայկական աշխարհին նայի նախկինէն տարբեր տրամաբանութեամբ, դատողութեամբ, ընդունի, որ կամքէ անկախ պայմաններով գոյառած Սփիւռքը ցնոր տնօրինութիւն մշտական ներկայութիւն է ու պիտի մնայ հայութեան կեանքին մէջ:
Եթէ մատնանշուած՝ յետ-Ցեղասպանութեան առաջին տասնամեակներուն, ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ հասկացութիւնը առաւելաբար կը սահմանափակուէր հայութեան թիւի պահպանումով, հատատութեանց հոգացումով եւ լեզուի, պատմութեան եւ յարակից բաներու իմացութեան սահմաններուն մէջ, հետզհետէ զարգացաւ ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ հասկացութեան նոր՝ աւելի բազմաճիւղ ըմբռնումը: Զուգահեռաբար, եւ տարուէ տարի, մեր քաղաքական մտածողութեան եւ գործին տարածման իբրեւ արդիւնք, հասկցանք, որ Սփիւռքի գոյատեւումը որքան կարեւոր է (եղեր) մայր հայրենիքին ու ազգին կարիքներուն, պահանջներուն դիտանկիւնէն: Երկրաշարժէն, Արցախեան Շարժումէն եւ անկախութեան վերահաստատումէն շատ առաջ, մեր իրաւատիրութեան պայքարի դաշտերը ընդարձակուեցան, պայքարը դուրս եկաւ յիշեալ՝ առաջին տասնամեակներու նեղ շրջագիծէն:
Այնպէս եղաւ, որ մեր Դատին հետապնդման աշխատանքը առաւելաբար դարձաւ սփիւռքեան «մենաշնորհ», որովհետեւ, գիտե՛նք, խորհրդային օրերուն՝ Հայաստանի պետական հաստատութիւնները անկարող էին միանալու այդ աշխատանքներուն: Կարելի չէ մոռնալ եւ արհամարհել այն անուղղակի եւ իսկապէս յեղաշրջական գործը, որ տարուեցաւ յետ-ստալինեան ժամանակաշրջանին: (Իսկ թէ անկախութեան վերահաստատումէն ետք ի՞նչ կարելի էր ընել, ի՛նչ պէտք է ընենք այսօր՝ բոլորովին այլ հարց է, նման հարց արծարծելը, դժբախտաբար, կը դիտուի «կը քաղաքականացնեն»ի ծուռ հայելիով: Նպատակ չունինք այստեղ բանալ այդ «Բիւզանդական վէճ»ին էջը):
Բոլորս ալ ծանօթ ենք, որ անկախութեան վերահաստատումէն առաջ, Ցեղասպանութեան 50-ամեակի նախօրեակին, բայց մանաւանդ անկէ ետք, Սփիւռքը ինչպիսի՜ վիթխարի աշխատանք տարած է մեր Դատի ծանօթացման եւ մեր իրաւունքներուն ճանաչման, հաստատման մարզին մէջ, եւ այդ աշխատանքը տարածուած է աշխարհով մէկ, զուրկ՝ պետական յենարանէ: Անկախ պետականութեան վերահաստատումէն ետք ալ, Սփիւռքի վսեմ առաքելութիւններէն մէկը մնաց եւ է՛ մեր Դատին հետապնդումը: Վերջին երեք տասնամեակներուն արձանագրուած արդիւնքներն ալ վաւերագրուած են եւ ամրագրուած՝ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ: Ըսել կ’ուզենք, որոշ դիտանկիւնէ Սփիւռքը ինքնանպատակ-ինքնաբաւ դարձնելու դիտաւորութեան զուգահեռ, մեր ժողովուրդը ապրեցաւ ՍՓԻՒՌՔԸ Ի ՍՊԱՍ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ հասկացութեան բազում արտայայտութիւնները, կենսափորձը:
Երեւակայութեան վստահելու պէտք չունինք, տեսնելու եւ ըմբռնելու համար, որ նիւթապէս եւ կազմակերպուածութեամբ՝ այսօրուան վիճակէն շատ աւելի հզօր Սփիւռք մը որքա՛ն աւելի մեծ ծառայութիւն պիտի մատուցէ հայրենիքին (կրկնենք՝ անցնելով սեփական կարիքներու բաւարարման մակարդակէն անդին), որքան ըրած է մօտիկ կամ հեռաւոր անցեալին:
Դարձեալ կանգ առնենք մեր օրերու փորձին վրայ: Արցախը, 44-օրեայ պատերազմին, անկէ առաջ եւ անկէ ասդին, թիրախ կը մնայ մեր դարաւոր թշնամիին սպառնալիքներուն, կը գտնուի մասնակի կամ ամբողջական անէացման վտանգին տակ (նորագոյն իրադարձութիւններուն մէջ չմտնենք, ո՛չ ալ «քաղաքականացում»ի դաշտ փոխադրենք քննարկումը, հակառակ անոր, որ վիճակին քաղաքականացումը, աշխարհաքաղաքական հորիզոններու դիմաց դիտելը տարիներէ ի վեր կը պարտադրուի մեզի): Յիշենք Սփիւռքի պատմակշիռ դերը, երբ աւելի քան տասը տարի առաջ հայութեան եւ Հայաստանի պետութեան գլխուն վերեւ կախուեցաւ փրոթոքոլներու «Դամոկլեան սուր»ը:
Հայաստանի ժողովուրդին չափ, անկէ ալ աւելի՛ մեծ  ուժականութեամբ շարժեցաւ Սփիւռքը եւ կարեւոր գործօն մը եղաւ վնասաբեր ուղիին խափանման (չենք արհամարհեր այլ տուեալներ, ազդակներ): 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, Սփիւռքը դարձեալ շարժեցաւ, թէեւ ո՛չ անհրաժեշտ տարածութեամբ, աշխարհի ուշադրութիւնը առաջնորդելու համար թուրք-ազերիական ոճիրներուն վրայ: Անկէ ետք, Սփիւռքի դերակատարութիւնը կը մնայ շատ աւելի սահմանափակ, հակառակ Հայ Դատի եւ նման միաւորներու ի գործ դրած ճիգերուն (կարեւոր մանրամասնութիւններ են տարբեր հզօր պետութիւններու մօտ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի ձեռք բերուած շօշափելի արդիւնքները):
Այս ծիրին մէջ, Սփիւռքը հաւատարիմ է իր դերին, օգնութեան ձեռք կ’երկարէ մայր հայրենիքին ու անբաժանելի Արցախի (անկախ հայրենի իշխանութիւններուն ծանօթ դիրքորոշումէն եւ վարքագիծէն): Ահա թէ նաեւ ո՛ւր պէտք է փնտռել հզօր ու կազմակերպ Սփիւռքի մը դերը՝ համահայկական դաշտերուն մէջ: Այդ դերը այսօր շատ աւելի շեշտուած է, երբ աչքի առջեւ բերենք հայրենի հողերուն պատառ-պատառ կորուստը, թշնամիին հանապազօրեայ ոտնձգութիւններն ու արձանագրուած մարդկային ու նիւթական կորուստները:
Իսկ մեր Դատին դաշտը միակը չէ, ուր Սփիւռքը դերակատար եղած է ու կը մնայ: Սա արձանագրեցինք իբրեւ բազում օրինակներէն մէկը, իբրեւ հրատապ եւ շարունակուող դերակատարութեան օրինակ:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Վերի տողերուն մէջ մեր կատարած քննարկումն ու արձանագրած մտածումները համապարփա՞կ են կամ սպառի՞չ:
Անշուշտ թէ ո՛չ: Այս ուրուագծային տողերը արձանագրեցինք այն մօտեցումով, որ Սփիւռքի հարցերուն, անոր դիմաց բարձրացող հրամայականներուն մեր մօտեցումը ինչպիսի՛ ընդարձակ հորիզոններով պէտք է դիտել, անկախ անկէ, թէ այս կամ այն ենթաբաժանումին մէջ (լեզուի պահպանում, դպրոցներ, ազգային հաստատութիւններ) այսօր ինչպիսի մասնագիտական քննարկումի կը կարօտինք, մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար ինչպիսի նախադրեալներ պէտք է ապահովենք, մարտավարութիւն մշակենք եւ մեր տեսողութեան դաշտերը ինչպիսի հորիզոններու պէտք է բանանք:
Նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է այն, որ մեր քննարկումները մտնեն գործնական եւ յառաջատուական փուլ, երբեմն լաւ սկսուած աշխատանք մը կիսատ չթողունք եւ քանի մը տարի ետք, նմանօրինակ նախաձեռնութեան մը դիմենք՝ մոռնալով նախկինը, առաւել կամ նուազ չափով ձեռք բերուածները: Պէտք է անցնինք տարեկան տեղեկագիրները պարզապէս արձանագրութիւններով հարստացնելու «սիրողական» հոգեբանութենէն անդին, արհեստավարժ աշխատանքին տանք շէնք մը քար առ քար կառուցելու ընթացքը, ուր ամէնէն փոքր քարն անգամ իր տեղն ու դերը ունի կառոյցին բարձրացման եւ ամրացման մէջ:
Հայութիւնը ունի ներուժ, հնարաւորութիւններ, կարողականութիւն, որ լայն ու գիտական մօտեցումով անհրաժեշտ ուշադրութեան, քննարկումի չէ արժանացած: Մեր նշումները միայն մէկ մասն են պահանջուածին, որուն հասնելու համար, կարեւոր են ինքնաճանաչում, Սփիւռքին ամբողջական իրազեկում, գիտակցութեան զարգացում, բայց մանաւանդ «մէկը բոլորին համար, բոլորը մէկուն համար» տեսութեան այժմէականացումը՝ համաձայն Սփիւռքի հզօրացման եւ հայրենիքին հետ կամուրջներու ամրապնդման: Յաճախ կը հնչեն աւաղումներ, թէ «որքա՜ն ուշացած ենք մեր առաքելութեան կատարման մէջ»: Պատմութիւնը անվերջանալի շարունակութիւն մըն է, չի սիրեր «ուշացած ենք»ով անգործութեան մատնուողը, կրաւորականութեան դիմողը: Գործնական շօշափելի քայլ կրնայ ըլլալ, օրինակի համար, մասնագէտներէ բաղկացած ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ միաւորի մը կազմութիւնը (ո՛չ այն սահմաններուն մէջ, որուն մասին յաճախ այլապէս օգտակար առաջարկներ հրապարակ կը նետուին եւ… շուտով կը մոռցուին), որ գործէ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մեր տրամաբանութեամբ եւ հայեցակէտով, հեռու՝ ժամանակաւոր քաղաքական հաշիւներէ, ստեղծէ աշխատանքի այնպիսի ծիր մը, որ լաւագոյնս օգտագործէ հայրենի պետութեան (հոս ալ զատորոշենք պետութիւնը՝ իշխանութենէ) կարողականութիւնները:
Չանտեսենք: Մինչեւ այսօր շատ բան ըրած ենք ու արձանագրած՝ «լաւ ըրած ենք»-ի ցանկին վրայ: Գիտենք, որ ինքնաբաւութիւնն ու տեղքայլը նահանջ կը նշանակեն ու ներելի չեն, մինչդեռ աշխարհն ու Հայ Կեանքը մեզ՝ բոլորս, Սփիւռքով ու հայրենիքով միասին, դրած է ճակատագրական վիճակներու, անոնց հետ քայլ պահելու հրամայականին դէմ յանդիման: Չենք կրնար նահանջել կամ աչք փակել բազմացող մարտահրաւէրներուն դիմաց: Մանաւանդ իրաւունք չունինք կրաւորական մնալու մէկ կողմէ՝ Սփիւռքի հալոցներուն, միւս կողմէ՝ Հայաստան-Սփիւռք կամուրջներու թուլացման փորձերուն, իսկ նոյնքան կարեւոր ճակատի մը վրայ՝ Սփիւռքի անփոխարինելի յենարանը (նաեւ ամբողջական Հայաստանի վերականգնումի պայքարին հիմնաքարը) եղող՝ Հայաստան-Արցախ հայրենիքին սպառնացող վտանգներուն դիմաց:
(շար. 4 եւ վերջ)
Ս. Մահսերէճեան