Քիչ առաջ Իսրայէլ հրթիռակոծեց Հալէպի միջազգային օդակայանը։ Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին յարձակումին եւ վար առին քանի մը հրթիռ։

Զոհեր կամ վիրաւորներ չեն արձանագրուած։

Նիւթական վնասներն ու այլ մանրամասնութիւններ կը տեղեկացնենք հետագային։