12 Սեպտեմբերի գիշերը՝ Երեւանի ժամով ժամը 02:00-էն մինչեւ լուսաբաց, ատրպէյճանական Զինեալ Ուժերը գնդացիրներով շարունակաբար կրակ բացած են արցախեան Կարմիր Շուկայ գիւղին ուղղութեամբ։
Տեղեկութիւններուն համաձայն, համայնքի մէջ հակառակորդի կրակոցներուն հետեւանքով վնասուած է տուներէն մէկուն տանիքը, պատուհանը, բայց զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։