ԱՄՆ-ն ու Եւրոմիութիւնը ողջունած են Ատրպէյճանէն հինգ հայ գերիներու Հայաստան վերադարձը, որ տեղի ունեցաւ 8 Սեպտեմբերի երեկոյեան:

Միացեալ Նահանգներու պետական խօսնակ Նետ Փրայս ողջունած է «հայ ձերբակալուածներու հայրենիք վերադարձին առնչուող հաղորդումը», որ իր կարծիքով «դրական զարգացում է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յանուն խաղաղութեան մեկնարկած գործընթացին համար»։

«Յոյսով ենք, որ մնացած բոլոր ձերբակալուածները շուտով կը վերադառնան տուն, եւ Ատրպէյճան ու Հայաստան կը շարունակեն քայլերու ձեռնարկել՝ վստահութիւն ձևաւորելու եւ առկայ տարաձայնութիւնները լուծելու համար», թուիթըրի վրայ գրած է ԱՄՆ-ի պետական խօսնակ Նետ Փրայս։