«Դրօշակի» ընթերցողը համացանցի վրայ արդէն կրնայ ընթերցել պարբերականի սեպտեմբերեան թիւը։ 2 Սեպտեմբերը ԼՂՀ անկախութեան հռչակման օրն է։ Արցախի անկախութեան պայքարով սկսաւ հայութեան նորօրեայ վերազարթօնքը։ Համազգային նոր վերազարթօնքի եւ ազգային նոր համախմբման համար անհրաժեշտ է սկզբնաւորել նոր գաղափարական պայքար։ Այդ հարցին նուիրուած է պաշտօնաթերթի առաջնորդողը։

Յիշարժան առիթով պաշտօնաթերթը հրապարակած է նաեւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Արարատ Յակոբեանի յօդուածը նուիրուած 18-րդ դարու առաջին կէսին Արցախ-Սիւնիքի վարած ազգային ազատագրական պայքարին։

«Տարածաշրջանային» խորագիրի տակ կրօնական տեսանկիւնէն Ատրպէյճան-Իրան ներկայիս յարաբերութիւնները կը ներկայացնէ իրանագէտ Լիանա Պետրոսեան, իսկ իրանագէտ Ժաննա Վարդանեան, կ’անդրադառնայ Հայաստանի տարածքով ատրպէյճանական միջանցքի գաղափարի նկատմամբ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յստակօրէն արտայայտած տեսակէտին։

Այս համարին մէջ «Դրօշակը» կը ներկայացնէ նաև արեւելագէտ Արաքս Փաշայեանի հետաքրքրական յօդուածը աշխարհաքաղաքական գործընթացներու խորապատկերի վրայ Պարսից ծոցի երկիրները, այստեղ վերջին տասնամեակներուն ձեւաւորուած հայկական համայնքները՝ կարեւոր համարելով տարածաշրջանի երկիրներու հետ յարաբերութիւններ զարգացնելու անհրաժեշտութիւնն ու առկայ ներուժը՝ Հայաստանի համար։

Աշխարհաքաղաքական հարցերու մէկ այլ «տաք» տարածաշրջանի կ’անդրադառնայ Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնը, որ այս անգամ կը վերլուծէ ամերիկեան դիրքորոշումները Ուքրանիոյ եւ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան մասին։

«Հայ Կեանքի» ընդարձակ ծիրին մէջ «Դրօշակ»ը կ’անդրադառնայ Անի Մելքոնեանի «Չարենցը, «Երկիր Նաիրի»-ն ու Դաշնակցութիւնը
(Մահուան 85-րդ տարելիցի առիթով)» ուսումնասիրութեան։ Ինքնին հետաքրքրքական նիւթի ներկայացումով պաշտօնաթերթի խմագրութիւնը անգամ մը եւս յարգանքի տուրք կը մատուցէ հայոց մեծ բանաստեղծի անմահ յիշատակին՝ ֆիզիքական բացակայութեան 85-րդ տարելիցի առթիւ։ Մէկ այլ մեծ հայու՝ Գէորգ Չաւուշի նուիրուած հրապարակագիր, բանասէր, Հալէպի հայագիտական հիմնարկի Հայ Դատի դասախօս Աւօ Գաթրճեանի յօդուածը։ Հետաքրքրական այս ուսումնասիրութեան նիւթը կը յուշէ յօդուածի վերնագիրը՝ «Հայ Ազատագրական Շարժման Մեծագոյն Նուիրեալ Գէորգ Չաւուշին Ձօնուած Երգերը»։

Ազգային յիշողութեան, պատմական եւ բարոյական ժառանգութեան արհամարհումի ու ոտնահարումի, այլասերիչ օտարապաշտութեան մեր օրերուն «Դրօշակը» պարտականութիւն կը համարէ անդրադառնալ հայրենի ժառանգութեան կարեւոր արժէքի մը եւս։ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Մարիամ Յովսէփեան «Մշակ» օրաթերթի 150-ամեակին առիթով ներկայացուցած է «Հայկական Հարցը «Մշակի» Էջերում» յօդուածը։

Ճարտարապետ, գրող, հրապարակագիր, Քանատայի «Հորիզոն» թերթի եւ «Հորիզոն գրական»-ի աւագ խմբագիր Վրէժ-Արմէն «Ընկերական Զրոյցներ» շարքով այս անգամ կը քննէ հայ մամուլին առջեւ ծառացած հիմնահարցերը։ Գիրի ու գրականութեան երկարամեայ մշակը այլեւայլ հարցերու կողքին մտահոգութիւն կը յայտնէ յատկապէս Սփիւռքի մէջ հայախօս մամուլի «պահանջարկի» նուազումին հարցով, որ ուղղակիօրէն կը նշանակէ արեւմտահայերէնի նահանջ ու հայախօս աշխարհի փոքրացում։ Յօդուածի եզրահանգումը հետեւեալն է․ «Անդրադառնա՛նք, թէ մեր մամուլը իր դերը խաղալու համար կարիքը ունի մեր անսակարկ հոգածութեան ու խոր գուրգուրանքին»։
Ընթերցողը «Դրօշակ»ի սեպտեմբերեան թիւին մէջ պիտի գտնէ զինք հետաքրքրող այլ նիւթեր եւս։

«Դրօշակ»ի 2022-ի 9-րդ թիւը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէով։