13 Սեպտեմբերին, Երեւանի ժամով ժամը 00:05-ին, Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ հրետանային միջոցներով, խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով սկսած են ուժգին կրակ բանալ հայկական դիրքերու վրայ: Հակառակորդը կիրառած է նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր: Ատրպէյճանական կողմին լայնածաւալ սադրանքին հետեւանքով սկսած է ուժգին փոխհրաձգութիւն։ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ հայկական կողմը ունի զոհեր եւ վիրաւորներ: