Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Նասէր Քանանին մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան եւ սահմանային հակամարտութեան սրումին համար՝ երկիրներուն կոչ ուղղելով զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ լուծել վէճերը խաղաղ ճամբով՝ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ։
Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակը անգամ մը եւս ընդգծած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կողմէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու որեւէ փոփոխութեան անթոյլատրելիութիւնը։