ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ղեկավար Ռոպերթ Մենենտես Թուիթըրի վրայ գրած է, որ խորապէս մտահոգուած է Հայաստանի տարածքին վրայ ատրպէյճանական յարձակումներու մասին հաղորդագրութիւններով։ «Հայկական քաղաքներու եւ խաղաղ բնակչութեան գնդակոծութիւնը անօրինական է եւ անընդունելի։ Աշխարհը պէտք է դիմադրէ մենատիրական դաժանութեան։ ԱՄՆ պէտք է անյապաղօրէն դադրեցնէ անվտանգութեան ոլորտի ամբողջ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին»։