Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Իրանի նախագահ Ռայիսիի հետ: Ըստ Հայաստանի կառավարութեան, վարչապետը մանրամասնութիւններ փոխանցած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ իրականացուող սադրիչ եւ յարձակողական գործողութիւններուն մասին: Ռայիսին յայտնած է, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմը անընդունելի է եւ Իրան ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն: Իրանի նախագահը ընդգծած է, որ տարածաշրջանի մէջ բոլոր հակամարտոթիւնները պէտք է լուծուին խաղաղութեամբ եւ պետութիւններու տարածքային ամբողջականոթեան մասին Իրանի դիրքորոշումը յստակ է: Իրանի նախագահը յիշատակած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Այատոլլա Խամինիի խօսքը, որուն համաձայն, Հայաստանի հետ Իրանի կապը պէտք չէ վտանգուի, իսկ հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է ըլլան պետութիւններու ինքնիշխանութեան հիման վրայ: Ռայիսին շեշտած է, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցելու տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի անվտանգութեան հարցը կարեւոր է Իրանի համար: