Reuters-ը՝ վկայակոչելով թուրք պաշտօնեան յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Թայիպ Էրտողան Սամարքանտի գագաթաժողովի շրջագիծէն ներս պիտի քննարկեն զինուորական վերջին գործողութիւնները հայ-ատրպէյճանական սահմանին։
«Այդ հարցը պիտի քննարկուի Փութինի հետ, որովհետեւ ակնյայտ է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դերը այս պատերազմի դադրեցման եւ հետագայ միատեղ աշխատանքներուն մէջ», ըսած է պաշտօնեան՝ առանց իր անունը յայտնելու։
Ըստ անոր, Թուրքիան շփումներ սկսած է երկու երկիրներու միջեւ առկայ հարցի յաղթահարման համար, դիտել տալով, որ այս գործողութիւնները պէտք է դադրեցուին, նախքան անոնց ալ աւելի սրումը:
Էրտողանի եւ Փութինի հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Ուրբաթ օր Ուզպեքստանի մէջ Շենկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան գագաթաժողովի շրջագիծէն ներս։
«Թուրքիա կը շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանին բոլոր առումներով», աւելցուցած է պաշտօնեան։