Քեսապի մէջ տեղի ունեցող երիտասարդ լրագրողներու սեմինարի երկրորդ օրը, յետմիջօրէին երկու զեկոյցներով հանդէս եկաւ քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեան։

Գասարճեան առաջին զեկոյցով ներկայացուց «Թրքական մամուլին անդրադարձը հայկական հարցերուն»։ Ան նախ պատկերացում մը տուաւ թրքական մամուլին մասին, առանձնաբար ներայացնելով թերթերու եւ կայքերու ուղղուածութիւնն ու թուրք լրագրողներու, մտաւորականներու, խմբագիրներու մօտեցումները հայկական հարցերուն, խօսքի ազատութեան սահմանները։ Գասարճեան կարեւոր համարեց թրքական մամուլ թափանցելն ու թուրք հասարակութիւնը մեր տեսակէտներուն ծանօթացնելը առարկայական մօտեցումներով, որովհետեւ թուրք հասարակութեան բազմակողմանի տեղեկութիւն չի հասնիր հայկական տեսակէտներուն մասին։

Յաջորդ դասախօսութեամբ Գասարճեան անդրադարձաւ «Լսատեսողական եւ առցանց մամուլ»֊ին, ներկայացնելով ընկերային ցանցերու եւ լրագրութեան անմիջական կապը, այդ ցանցերուն մէջ աշխատելու ճիշդ եղանակն ու աւելի մեծ լսարան ապահովելու հնարքները։
Սեմինարը կը շարունակէ իր օրակարգերու լուծումը։