«Գանձասար»-ի երիտասարդ լրագրողներու սեմինարի քաղաքական նիւթերու վերջին զեկուցաբերն էր ՀՅԴ «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Արտաշէս Շահպազեան, որ ներկայացուց Հարաւային Կովկասի եւ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական զարգացումներն ու Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ Հայաստանէն դիտուած։ Շահպազեան նկատել տուաւ, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան կը փորձեն առաւելագոյնս օգտուիլ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութենէն եւ առաւելագոյն զիջումներու մղել մեր երկիրը։ Ան պարզեց Հայաստանի դաշնակիցներուն եւ արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու հաւասարակշռութեան դերը, դիտել տալով որ իշխանափոխութեամբ, Հայաստանի ու Արցախի շահերու պաշտպանութեան վրայ հիմնուած ճկուն բանակցութեամբ եւ Հայոց բանակի ուժեղացումով միայն կարելի է վերջ տալ զիջումներուն եւ զսպել Հայաստանի վրայ շարունակուող յարձակումները։ Ապա Շահպազեան պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն։

Սեմինարի վերջընթեր օրակարգով ճարտարապետ Ռաֆֆի Քէշիշեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց «Մարմնի Լեզու» (Body Language) նիւթը, պարզելով, որ մարդուն հոգեվիճակը հասկնալու միջոցներէն են նաեւ իր շարժումներն ու դէմքի արտայայտութիւնները։ Ան օրինակներով բացատրեց մարդ արարածի հիմնական կարգ մը շարժումներուն եւ արտայայտութիւններուն իմաստը՝ ընկերային եւ քաղաքական միջավայրերու մէջ։
Վերջին այս նիստին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Քեսապ մասնաճիւղի աստիճանաւորական կազմը։