Քեսապի մէջ «Գանձասար»-ի կազմակերպած լրագրողներու վերապատրաստման սեմինարին երրորդ օրը՝ Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, մասնակիցները ուղղուեցան Քարատուրան, ուր զրոյցով եզրափակեցին սեմինարը։

«Հայեցի Դաստիարակութիւն, Ինքնութեան Պահպանում» խորագիրը կրող զրոյցը վարեց տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան։

Խօսուեցաւ հայեցի դաստիարակութիւն հասկացութեան, անոր միջոցներուն եւ նպատակներուն շուրջ։ Ապա մասնակիցները զրուցեցին ազգային ինքնութեան բաղադրիչներուն եւ յենարաններուն, ազգային հպարտութիւն ներշնչող տարրերուն շուրջ եւ առաջարկներ ներկայացուցին հայ երիտասարդի ուժեղացման, միաժամանակ անոր ազգային ինքնութեան պահպանման զուգահեռ ընթացքին շուրջ։

Զրոյցի աւարտին անոնք կարծիքներ փոխանակեցին մամուլին, անոր աշխատակցելու անհրաժեշտութեան եւ հմտութիւն ձեռբերելու քայլերուն, լեզուի պահպանման եւ հայ երիտասարդին մօտ այս բոլորին վերաբերեալ հետաքրքրութիւն ստեղծելու միջոցներուն մասին։

Սեմինարը առիթ հանդիսացաւ երիտասարդներու եւ տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներու միջեւ կարծիքներու եւ փորձառութիւններու փոխանակման։