ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն յայտնած են, որ 12 Հոկտեմբերին՝ Երեւանի ժամով ժամը 00:20-ին, Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
ՀՀ Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումներու պատասխան գործողութիւններով հակառակորդի կրակը լռեցուցած են:
Հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Այս պահուան դրութեամբ իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է: