Քերմէսի կազմակերպման սովորութիւնը սկսած է 60-ական թուականներէն, երբ տաղաւարները յատկանշուած կ’ըլլային առաւելաբար ուտեստեղէնի եւ այլ նիւթերու վաճառքով։ 80-ականներէն սկսեալ Շրջանաւարտից Միութիւնը քերմէսը հարստացուց խաղերով, ինչ որ մեծ հետաքրքրութեան արժանացաւ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն կողմէ
7,8 եւ 9 Հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան կազմակերպած այս տարուան աւանդական ամառնային քերմէսը, դպրոցին շրջափակէն ներս:
Քերմէսը նուիրուած էր հայ գիրերու գիւտին, արդարեւ շրջափակն ու տաղաւարները զարդարուած էին մեր ոսկեղնիկին տառերով:
Շրջանաւարտները ամէն տարուան նման, նոյն խանդավառութեամբ, մէկ շաբթուան մէջ դասաւորեցին քերմէսի բոլոր կարիքները: Իւրաքանչիւր յանձնախումբ ամէն օր կը հաւաքուէր դպրոցէն ներս եւ կը պատրաստէր իրեն ստանձնած խաղերը: Քերմէսի երեք օրերն ալ յատուկ էին իրենց յայտագիրներով։ Առաջին օրը ելոյթ ունեցան փոքրիկներուն կողմէ սիրուած մանկական երգերու մեկնաբան Սոնան եւ իր ընկերները՝ զուարթ պահեր ստեղծելով քերմէսին ներկայ գտնուող մեծաթիւ փոքրիկներուն համար։ Երգերուն եւ պարերուն կողքին յատկանշական էին Սոնային ստեղծած տիպարներն ու տարազները։
Երկրորդ օրը՝ DJ Carlos-ը հանդէս եկաւ։ Ան յատկապէս եռուն մթնոլորտ ստեղծեց երիտասարդ տարրին համար: Իսկ վերջին օրը ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ որ կ’ընդգրկէր հայկական պար ու հայրենասիրական եւ ազգային երգեր։ Այս յայտագիրը իրականացուցին Ճեմարանի աշակերտները:
Խաղերուն եւ վաճառքի 30 տաղաւարներուն կողքին, վերջին տարիներուն սովորութիւն դարձած է երկու հաճելի կեդրոն պատրաստել՝«վախազդու տաղաւար»-ն ու «ռատիօժամ»-ը:
Անոնք, որոնք քաջութիւն ունին կամ հետաքրքուած են վախազդու խաղերով, միշտ կը փափաքին այցելել վախ յառաջացնող այս տաղաւարը ու վայելել շրջանաւարտներու սրամիտ փորձերը:
Իսկ «ռատիօժամ»-ին կը դիմեն անոնք, որոնք կը փափաքին երգ նուիրել իրենց ընկերներուն: Միեւնոյն ատեն, «ռատիօժամ»-ին ուղղած հարցումներուն կամ հանելուկներուն պատասխանողը կը ստանայ նուէր-քարտ՝ խաղալու իր նախասիրած խաղերէն մէկը:
Գնահատանքի արժանի էին բոլոր նուիրատուները, որոնց դերը մեծ էր քերմէսի յաջողութեան մէջ:
Երեք օրուան ընթացքին, Շրջանաւարտից Միութեան անդամները, իրենց տքնաջան աշխատանքով, յաջողեցան համախմբել հալէպահայ երիտասարդները Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս եւ ուրախ պահեր ստեղծել։ Բոլորն ալ հրաժեշտ տուին իրարու՝ ձմեռնային քերմէսին վերստին հանդիպելու խոստումով:
Յիշենք, որ քերմէսին հասոյթը ամբողջութեամբ կը տրամադրուի Ճեմարանին։ Շրջանաւարտ ճեմարանականներուն ներդրումը իրենց վարժարանին կը շարունակուի տարբեր միջոցներով, Շրջանաւարտից Միութեան ջանքերով։
Անժելա Չաղլասեան