Երկուշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ցամաքային, ծովային կամ օդային սահմաններէ Սուրիա ժամանող ճամբորդները զերծ պիտի կացուցանուին պսակաձեւ ժահրի յայտնաբերման «PCR»-ի քննութիւն կամ միջազգային «Covid 19» պատուաստի փաստաթուղթ յանձնելէ։