Երեքշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2022-ին, «RT Arabic» հաղորդեց, որ Դամասկոսի Ժողովներու Պալատէն ներս ռուս-սուրիական ժողովներու 5-րդ շրջանը ընթացք առաւ։
Ժողովին գլխաւոր նպատակն է այլ երկիրներու մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի ապահովման գծով տեղի ունեցած միջազգային խորհրդաժողովին արդիւնքներու սերտողութիւնը կատարել։

4 օրեայ ժողովներուն առաջին օրուան օրակարգը կ՚ընդգրկէ սուրիական եւ ռուսական կողմերուն միջեւ հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան, ուսման, տնտեսութեան, ելեկտրականութեան, գիւղատնտեսութեան, քարիւղային եւ ելեւմտական նիւթերու շուրջ խորհրդակցութիւններ։